 Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալը եւ անկէ պահանջեց, որ լիբանանեան բանակը դէմ դնէ հարաւային ազատագրուած հողերուն մէջ իսրայէլեան որեւէ ներթափանցման` առ ի պաշտպանութիւն լիբանանեան հողերու եւ քաղաքայիններու ապահովութեան:

Զօր. Հայքալ նախագահին ներկայացուց Պլիտա գիւղին մէջ տեղի ունեցած ներթափանցման եւ քաղաքապետութեան պաշտօնեաներէն մէկուն նահատակութեան մանրամասնութիւնները:
«Այս յարձակումը, որ իսրայէլեան թշնամական արարքներու շարքին մէջ է, կատարուեցաւ ժողովէն ետք թշնամական արարքներու դադրեցման հսկողութեան յանձնախումբին (Մեքանիզմ), որ պէտք չէ բաւարարուի իրողութիւնները արձանագրելով, այլ աշխատանք տանի անոնց վերջ տալու` ճնշում բանեցնելով Իսրայէլի վրայ, եւ զայն մղելու յարգելու անցեալ նոյեմբերի համաձայնութեան կէտերը եւ դադրեցնելու լիբանանեան գերիշխանութեան իր ոտնձգութիւնները», նշեց նախագահ Աուն:
Բանակի հրամանատարը նախագահին ներկայացուց պաղեստինեան Շաթիլա գաղթակայանին մէջ Էլիօ Ապու Հաննայի զինեալներու կողմէ սպանութիւնը եւ մասնաւորաբար կրակոցին մեղսակցութեամբ 6 ամբաստանեալներու յանձնումէն ետք ընթացող հետաքննութիւններուն արդիւնքները:
Նախագահ Աուն շեշտեց. «Անհրաժեշտ է շարունակել հետաքննութիւնները` տեղի ունեցածին իրականութիւնը պարզելու համար, միաժամանակ ապահովական ուժերը պէտք է խստացնեն զինեալ երեւոյթներու արգիլումն ու հեղինակներու եւ մեղսակիցներու հետապնդումը»:
Հըզպալլա հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով գնահատեց նախագահ Աունի լիբանանեան բանակէն իսրայէլեան ներթափանցումներուն դէմ դնել պահանջելու կեցուածքը եւ կոչ ուղղեց իսրայէլեան յարձակումները դադրեցնելու ծրագիր մը որդեգրելու: