«Էջերն անմահութեան» յօդուածներու շարք մըն է, որ կ՛անմահացնէ յանուն հայրենիքի գաղափարին իրենց կեանքը զոհած մեր նուիրեալները: Անոնք իւրաքանչիւրիս կը փոխանցեն առկախ կտակ մը եւ կը դառնան ներշնչարան` իւրաքանչիւր օր հայօրէն ապրելու ու պայքարելու յանուն այդ կտակի ամբողջացման:
Հայրենասէր ու հայրենանուէր, պարզ ու արդար, լաւատես, ուսանող եւ ապագայ ատամնաբժիշկ, ՀՅԴ-ի անդամ եւ ՀՅԴ կամաւորական գումարտակի ազատամարտիկ, Արցախի Հանրապետութեան «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանակիր, Մռաւի արծիւը` Կիմ Խաչատրեան, ծնած է 17 մարտ 1995-ին, Վայոց Ձորի Արենի գիւղը, Հայաստան:
Կիմի հայրենասիրութիւնը երեւելի էր իր փոքր տարիքէն: Դպրոցական տարիներուն անոր գրութիւնները իւրայատուկ էին իր հայրենանուէր կեցուածքով, ուր յաճախ պատրաստակամութիւն յայտնած էր պայքարելու յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան:
2012-ին, աւարտելէ ետք իր դպրոցական ուսումը, անմիջապէս կ՛ընդունուի Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի ատամնաբժշկական բաժանմունքը: 2013-2015 ան ուսումը կիսատ ձգելով կը մեկնի ծառայութեան` Հայաստանի զինուած ուժերու Մեղրիի շրջանը, ապա 2015-ին կը վերադառնայ ու կը շարունակէ իր ուսումը: Նպատակ ունէր ուսումը աւարտելէ ետք մասնագիտական գործունէութիւնը ընդարձակէր իր հայրենի գիւղը եւ հիմնել ատամնաբուժարան մը:
2016-ին կ՛անդամակցի ՀՅ Դաշնակցութեան` դառնալով ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամ: Կիմը իր կերպով ԿԱՄԱՒՈՐ էր: Ան յատուկ կարեւորութիւն կու տար կամաւոր աշխատանքին, մանաւանդ երբ այդ աշխատանքը նուիրուած էր իր հայրենիքին:
Կեանքի տարբեր փուլերու իր բեղուն մասնակցութիւնը ունեցած է միութեան տարբեր տեսակի աշխատանքներու` ընկերական, հասարակական-քաղաքական, կրթական, մշակութային, առողջապահական միջոցառումներ` «Օգնի՛ր եղբօրդ-Լիբանան», պայքար «Քորոնա» համաճարակին դէմ, Արցախէն տեղահանուած երեխաներու կեցութեան ապահովում եւ այլ ընկերային նախաձեռնութիւններ:
Կիմը` ըլլալով ռազմագիտութիւն դասաւանդող ուսուցիչի զաւակը, յատուկ կարեւորութիւն կու տար կրթութեան եւ կենսական կը նկատէր անոր դերը պետականաշինութեան մէջ: Իր ազատ ժամերուն կը զբաղէր ընթերցանութեամբ եւ ամէնուրեք իրեն հետ կ՛ունենար ՀՅԴ-ի դրօշը, իսկ իր սենեակը յարդած էր դրօշներով ու զինանշաններով:
2016-ի քառօրեայ պատերազմին ան կը դառնայ պահեստազօրի անդամ` զինուորագրուելով ՀՅԴ-ի կամաւորական գումարտակին:
«Ես ծնած եմ, որ հայրենիք պահեմ, սորվիմ ու բժիշկ դառնամ: Եթէ յանկարծ Մասիսը գրաւելու միտք առաջանայ, եւ զինուորներ պէտք կան, ես կը կռուեմ»:
Կիմը իւրայատուկ արժեհամակարգի տէր անձ էր: Ան պաշտպանն էր ազգային վսեմ արժէքներու ու գաղափարներու: Յատուկ սէր ունէր իր սեփական ծննդավայրին հանդէպ, բայց ան Պատմական Հայաստանի զաւակն էր: Արարատի ու Արցախի հանդէպ անոր ունեցած սէրն ու նուիրուածութիւնը իւրայատուկ ու երկնային էին:
Կիմին` ապագայի գործն էր կեանքեր փրկել` իբրեւ խոստմնալից բժիշկ: Բայց ան նախընտրեց իր ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ կեանքը փրկել եւ փոխարէնը իր կեանքը զոհել: Անոր հայրենանուիրութեամբ լեցուն բժիշկի աշխարհայեացքը այն էր, թէ իւրաքանչիւր բժիշկ պէտք է պատրաստ ըլլայ թէ՛ աղէտներու, թէ՛ պատերազմներու, եւ թէ ռազմական գործողութիւններու ժամանակ պաշտպանելու հայրենիքի ու ազգի արժանապատուութիւնը` միեւնոյն ատեն հաւատարիմ մնալով ամէնէն մարդասիրական մասնագիտութեան` բժիշկի կոչումին:
Ժպտադէմ ու բոլոր մարտահրաւէրները ժպիտով ընդունող Կիմը չափազանց ընկերասէր էր, յանուն իր հայրենիքին ու ընկերներուն պատրաստ էր որեւէ զոհողութեան: Բոլորին կողմէ սիրուած ընկեր էր, յաճախ կը հրաւիրէր ընկերները իր ծննդավայրը` Արենի գիւղը, գինի խմելու ու հայրենիքի տեսարժան վայրերը վայելելու համար: Աղմուկներէ հեռու եւ հանդարտութեան մէջ կը սիրէր սուրճի շուրջ իր ընկերներուն հետ քննարկել ազգային, կրթական, պատմական ու քաղաքական տարբեր տեսակի նիւթեր, ի մասնաւորի` հայրենիքի ու Արցախի վերաբերող:
Փոքր տարիքէն կը պաշտէր ու կ՛արժեւորէր մեր ազգային-յեղափոխական երգերը: Իր դպրոցական ու համալսարանական դասապահներէն մինչեւ մարտի դաշտ ռազմերգը մնաց Կիմի շրթերուն, իր խրոխտ երգով ու յեղափոխաշունչ ոգիով պայքարեցաւ, պայքարի կոչելով իր զինակից ընկերները:
«Ո՞վ, եթէ ոչ ես…»:
Արցախեան երրորդ պատերազմի բռնկումին, Կիմը կ՛անդամագրուի ՀՅ Դաշնակցութեան կամաւորական շարժումին` այն յոյսով, որ առաջին խումբին հետ կը մեկնի ճակատ: Միաժամանակ, երբ կը մասնակցէր վարժական հաւաքներու, կ՛ընդվզի, երբ Դաշնակցութեան կամաւորներու առաջին վաշտը առանց իրեն կը մեկնի Արցախ: Տխրած ու ամչցած վիճակին մէջ, օրեր ետք ուսուցչաց տօնի առթիւ իր հօրը` Սիմոնին կը գրէ.
«Իմ կեանքին սթափ նայելու եւ հայրենիքի հանդէպ պարտքի զգացում սերմանած ուսուցի՛չ, քո դասերից է, որ հիմա ամաչում եմ քաղաքացիական հագուստով ման գալ Երեւանի փողոցներում»:
Հոկտեմբեր 12-ին գումարտակի 3-րդ վաշտի կազմը կը մեկնի ռազմաճակատ` 7-րդ ՊՇ (Եղնիկներ): Այդ վաշտին մէջն էր Կիմը ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան իր ընկերներու հետ, իսկ ՆԱՈՄ-ի ջոկատի հրամանատարը` ինքն էր` Կիմը, որ անհամբեր կը սպասէր միանալու իր ընկերներուն: Ճանապարհին ան լուռ ու տխուր վիճակի մէջ էր, որովհետեւ օրեր առաջ Վարանգաթաղի մէջ զոհուած էին իր դաշնակցական ընկերները, իսկ ինքը տակաւին նոր կը մեկնի ռազմաճակատ…
Ռազմաճակատ մեկնելէ առաջ, իր հօր կ՛ըսէ.
«Հայրի՛կ, ես արդէն մեկնելու եմ: Ես հպարտ եմ, որ մեկնելու եմ, ամէն ինչին պատրաստ եղիր…»:
Կիմը գիտակցելով կը մեկնի ռազմաճակատ: Ան համոզուած կ՛ընտրէ այդ ուղին եւ իրեն հետ կը տանի Գ. Նժդեհի փոքրիկ գրքոյկ մը ու ՀՅԴ-ի դրօշը: Ան հայրենանուէր անձի մը իսկական կերպարն էր, պարտք կը զգար իր հայրենիքին հանդէպ եւ կը հաւատար, թէ այնքան ատեն որ Հայ դատը իր ամբողջական լուծումին չէ հասած, իւրաքանչիւր հայորդի պէտք է իր բաժինը տայ այդ պայքարին: Այս համոզումով Կիմը կը մեկնի Արցախը տալու համար իր բաժինը սրբազան պայքարին:
«Անկախութեան ամենամեծ ձեռքբերումը գիտակցումն է»:
Կիմը զինուորագրուած էր Դաշնակցութեան գաղափարական դպրոցին, ան ազգային գաղափարախօսութեամբ ջատագով առաքինի դաշնակցական էր: Անոր վիթխարի դաշնակցական կամքը անոր կը պարտադրէր ըլլալ հզօր ու չյանձնուիլ ազգին դիմագրաւած դժուարութիւններու դիմաց:
Ամէնուրեք իրեն հետ ունեցած էր ՀՅԴ-ի դրօշը, մինչեւ իսկ զայն տարած էր կռուի դաշտ: Ամէնուրեք եւ ամէն ժամ կ՛երգէր յեղափոխական երգեր: Իբրեւ երդուեալ դաշնակցական, հաւատարիմ մնաց իր երդումին` իւրաքանչիւր վայրկեան մտածելով ու գործելով այն հայրենիքին համար, որ ազատ ու անկախ է, եւ իր մէջ կը ներառէ Արցախը, Նախիջեւանը, Ջաւախքն ու Արեւմտահայաստանը: Մէկ խօսքով` ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը, այն երազը, զոր դարեր շարունակ առաջնորդած է ազգային գաղափարներով տոգորուած հայը:
«Լաւագոյնները իրենց վրայ են վերցնում պատերազմը»:
Արցախի մէջ ան իր մանկութեան ու մարտական ընկերոջ կ՛ըսէ, թէ իր բոլոր ըսածները ան գրի պիտի առնէ, այն մտահոգութեամբ, որ եթէ պատերազմին կորսնցնէ իր ընկերը, անոր խօսածները պահուած կը մնան իր մօտ…
Ան հետաքրքրուած էր բանակաշինութեամբ: Կը սիրէր պատկերացնել, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ըլլայ հայկական բանակը, ինչպիսի արժեհամակարգի տէր անձ մը պէտք է ըլլայ հրամանատարը: Ան կը սիրէր խօսիլ այն գաղափարներուն մասին, որոնց համար իւրաքանչիւր զինուոր պէտք է պայքարի:
Արցախի մէջ յաճախ Կիմը կը կրկնէր, որ լաւագոյնները իրենց վրայ կը վերցնեն պատերազմը: Ան կը ջանար հասնիլ այդ լաւագոյնին, առանց անդրադառնալու, որ ան վաղուց ժառանգած էր ու կ՛արտացոլացնէր առաքինի, գաղափարական, ու մարտունակ հայու իսկական կերպարը:
31 հոկտեմբեր 2020-ին, Արցախի հիւսիսային սահմաններու պաշտպանութեան ժամանակ, Եղնիկներու թէժ մարտերու ընթացքին, առաջնագիծի դաշնակցական ընկերներ Կիմ Խաչատրեանն ու Մայիս Նազարեանը կը նահատակուին` անցնելով «Էջերն անմահութեան»: Յանուն հայրենիքի, յանուն Արցախի ազատութեան վեհ գաղափարին, արկի պայթիւնով կը նահատակուի Կիմը, իր պաշտած Մռաւ լերան լանջին, իր անչափ սիրելի Շահումեանի ու Գետաշէնի մօտերը:
Նոյն օրը, իր հօր ծննդեան օրն էր: Այդ օրը, իր ընկերոջ կ՛ըսէ, եթէ ինքը չհասնի շնորհաւորելու իր հօրը տարեդարձը, իր եղբօր որդին պէտք է շնորհաւորէ: Տարբեր առիթներով անոր կտակը եղած էր իր եղբօրորդին անուանել «Արցախ»: Սակայն անոր նահատակութենէն ետք, նորածին որդին կ՛որոշեն անուանել ի յիշատակ իր հօրեղբօր` Կիմի անունով:
«Բախտը մէկն է զինուորի` կամ մա՛հ, կամ ազատութիւ՛ն»:
Կիմը, այս խօսքերով կնքեց իր ճակատագիրը: Ան` հայ ժողովուրդին արցունքներով ոռոգուած ու ազատութեան սիրով զինուած, պայքարեցաւ ոչ թէ իբրեւ մարդ, այլ իբրեւ ազգ մը, որ կը մերժէ ծնրադիր եւ թշնամիին դիմաց: Ան ընդունած էր պատերազմին կանոնը` խիղճը կը թունաւորէ զինուորը, իսկ թշնամիին աղաղակն ու անոր մօր նզովքը պիտի չզսպէին արդարադատ զինուորին բազուկը: Ան կը հաւատար, որ մարտի ժամանակ թիրախը ոսոխին սիրտն էր, իսկ գնդակը պէտք է ճեղքէ ոսոխի սիրտը` զայն յանձնելով անաչառ մահուն: Անոր զարկը պիտի օրհնէր հայրենիքը, իսկ քաջութիւնը` պիտի երգուէր ազատութեան հնչիւններուն մէջ:
Կիմը կանգնեցաւ պատերազմի դաշտին վրայ անողոք ու անզիջող, որովհետեւ գիտէր` վրէժը կը քանդէ ժողովուրդին կապանքները: Սարսափ չունէր, գիտէր, որ ազատութիւնը զոհողութիւն կը պահանջէ, իսկ զոհողութիւնը` արիութիւն: Կիմը ընտրեց այն ուղին, որ կը տանէր հայրենիքի ազատութեան եւ ընտրեց իր բախտը, եւ այդ ընտրութեամբ Արցախը պահեց հայկական, պահեց մեր առաջին պատերազմի յաղթանակը ու անմահացաւ իբրեւ դրօշակակիրը` ՄԱՀ ԿԱՄ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ…
 
			


