Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Դրօշակ»-ի 2025 թուականի 10-րդ թիւը արդէն հասանելի է ընթերցողին: Եթէ փորձենք բնորոշել նոր թիւի նիւթերու ընդհանրութիւնը, ապա կարելի է ըսել, որ անիկա արձագանգ է այս օրերուն հասարակութիւնը յուզող ազգային-պետական բնոյթի շարք մը հարցերու:

Թիւին «Առաջնորդող»-ը, օրինակ, անդրադարձ կը կատարէ համապետական ընտրութիւններու ոչ պաշտօնական մեկնարկին, որ արդէն ընթացքի մէջ է: Ըստ «Առաջնորդող»-ին, քաղաքական նոր դասաւորման պայմաններուն մէջ ակնառու է ազգային ուժերու յաջողութեան հասնելու հաւանականութիւնը, եթէ ի հարկէ անոնք չտարուին իրարու դէմ պայքարով եւ համախմբուին այս գործընթացի սահուն, օրինական ընթացքը ապահովելու կարեւոր խնդրին շուրջ:

Քաղաքագէտ Վահէ Դաւթեանի հեղինակած յօդուածի խորագիրն է «Տրանսպորտային պատերազմի նոր փուլը. «Թրամփի երթուղին» որպէս աշխարհաքաղաքական գործիք»: Ան մասնագիտական խորութեամբ կը ներկայացնէ տարածաշրջանին մէջ առկայ եւ զարգացող հիմնական հաղորդակցական ուղիները, ըստ որոնց ալ ակնառու կը դառնան ներգրաւուած ուժերու աշխարհաքաղաքական շահերը: Այս պարունակին մէջ քննարկման առանցք կը հանդիսանայ Հայաստանի հնարաւոր տեղն ու դերակատարութիւնը այս դաշտին մէջ` պայմանաւորուած ներքին եւ արտաքին գործօններով:

Պատմաբան Անի Մելքոնեան այս անգամ անդրադարձ կը կատարէ ստալինեան բռնապետութեան տարիներուն Հայ եկեղեցւոյ դէմ խորհրդային անաստուած համակարգի ձեռնարկած հալածանքներուն, որոնք ի վերջոյ ձախողութեան մատնուեցան, եւ Հայ եկեղեցին շարունակեց իր ազգանպաստ, աստուածաշնորհ առաքելութիւնը: Բնականաբար զուգահեռ կը կատարուի Հայաստանի այսօրուան նոր համայնավար, օտարահպատակ իշխանութիւններու հակաեկեղեցական հակահոգեւոր արշաւին հետ, որ նոյնպէս դատապարտուած է ձախողութեան:

«Դրօշակ»-ին առաջին անգամ ըլլալով թղթակցող երկու հեղինակներէն մէկն է Անժելա Յարութիւնեանը: Բանասէր եւ մանկավարժ հեղինակը կը գրէ. «Այսօր հայ իրականութեան մէջ ամէն պահի բախւում ես նոյն խնդրին, երբ կրթութիւնը կորցրել եւ կորցնում է իր հոգեւոր, բարոյական ու հասարակական արժէքը, խորութիւնը` ստեղծելով վտանգաւոր աշխարհայեացք եւ ընկալում նոր սերնդի համար»: Ա. Յարութիւնեան դիտել կու տայ, որ այսօր Հայաստանի դպրոցին մէջ նոր կարգախօս յայտնուած է. «Լա՛ւ սովորիր, որ լա՛ւ ապրես»: Յօդուածագիրը կ՛անդրադառնայ մեր կեանքի այս նոր «ճշմարտութեան»` փաստելով, որ անիկա կ՛արտացոլացնէ երկրի այսօրուան կառավարողներու մտածողութիւնը, զոր անոնք կը փորձեն փաթթել ազգի վզին` իբրեւ նոր վարդապետութիւն:

Պաշտօնաթերթի մնայուն հեղինակ Վրէժ Արմէն կը գրէ. «Ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքներէն մէկն է, թերեւս` ամէնէ՛ն հիմնականը, «Ո՛չ» ըսելու, չհամաձայնելու, տարակարծիք ըլլալու իրաւունքը: Այդ իրաւունքի բացակայութիւնը ակնառու է եղած պատմութեան սկիզբէն ի վեր` մենատիրական ու սակաւապետական երկիրներու մէջ, բռնատիրական կարգերու տակ: Այսօր, սակայն, մենք ականատես կ՛ըլլանք այդ իրաւունքի ոտնակոխման այլուր, ցարդ «ժողովրդավար» ճանչցուած պետութիւններու մէջ, որոնց քաղաքացիներուն մենաշնորհն էր, կը կարծէինք, կարենալ «Ոչ» ըսելը»:

«Դրօշակ»-ի այս թիւին մէջ ընթերցողը կրնայ կարդալ նաեւ Արցախի հիմնահարցին նուիրուած Աբրահամ Գասպարեանի եւ Արմէն Սարգսեանի յօդուածը:

Պատմաբան Արմէն Մարուքեանի յօդուածին մէջ լուսարձակի տակ կը բերուի այն, թէ ինչպէ՛ս ազրպէյճանական իշխանութիւնները քայլ-քայլ կը լուծարեն Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը` միջազգային պայմանագրի խախտումով զայն դարձնելով Ազրպէյճանի Հանրապետութեան մաս:

«Դրօշակ»-ի այս վերջին թիւը կրնաք կարդալ  այցելելով https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2025/10/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-10-2025%D5%A9.pdf

Նախորդը

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
Նոր Տարուան Սեմին.  Աւետիք Իսահակեանի Ամանորի Բարեմաղթութիւնը
Անդրադարձ

Աւետիք Իսահակեանի Կեանքն Ու Գործունէութիւնը` Ծննդեան 150-Ամեակին Նուիրուած

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?