Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը նախատեսէ մինչեւ այս տարուան վերջ ստեղծել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ առաջին աշխատանքային խումբերը: Այս մասին «Ռիփորթ»-ի Միացեալ Նահանգներու գրասենեակին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը շարունակէ խորացնել Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը` հիմնուելով ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն վրայ:
«Միացեալ Նահանգները յանձնառու են իրականացնելու 8 օգոստոսին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած պատմական միացեալ հռչակագիրներն ու փոխըմբռնման յուշագիրները եւ մինչեւ տարեվերջ պիտի ապահովեն երկու կառավարութիւններուն հետ առաջին աշխատանքային խումբերու ստեղծումը», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը նաեւ դրական գնահատած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ընթացող երկխօսութիւնը եւ վերջին գործնական քայլերը: Անիկա նշած է, թէ Միացեալ Նահանգներու կւառավարութիւնը ուշադիր կը հետեւի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումներուն եւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման:
«Մենք կ՛ողջունենք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի պաշտօնատարներուն միջեւ վերջերս տեղի ունեցած իմաստալից քննարկումները սահմաններու սահմանազատման, ականազերծման եւ ԹՐԻՓՓ նախագիծի աջակցութեան համար ենթակառոյցներու զարգացման վերաբերեալ», նշած է նախարարութիւնը:
Նախարարութիւնը նաեւ կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի վերջին որոշումը` արտօնելու բեռներու իր տարածքով դէպի Հայաստան տարանցումը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու Երեւանի մէջ հանդիպումը:
Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան, Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած նախաձեռնութիւնները` այս ջանքերուն հետ միասին, պիտի գրաւեն սեփական ներդրումներ եւ պիտի բերեն բարգաւաճման նոր դարաշրջան Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու համար:


