Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հարաւային Քորէայի մէջ դարձեալ խօսած է Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման մասին:
«Անոնց միջեւ տագնապը տեւած է 38 տարի: Նոյնիսկ Փութինը հիացմունք յայտնած էր եւ ըսած, թէ անոնք չէին կրնար այդ տագնապը լուծել: Սպիտակ տան մէջ անոնք հեռու նստած էին, սակայն հանդիպումի ընթացքին կամաց-կամաց մօտեցած են իրարու եւ նոյնիսկ գրկախառնուած», ըսած է Թրամփ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը երեքշաբթի օր Ճափոնի մէջ Միացեալ Նահանգներու ռազմակայանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ եւս յիշատակած էր Ուաշինկթընի մէջ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը:


