 Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հարաւային Քորէայի նախագահ Լի Ժէյ Միոնկի հետ Ժիոնկժու քաղաքին մէջ հանդիպումէն ետք երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական համաձայնութեան գոյացումը յայտարարեց:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հարաւային Քորէայի նախագահ Լի Ժէյ Միոնկի հետ Ժիոնկժու քաղաքին մէջ հանդիպումէն ետք երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական համաձայնութեան գոյացումը յայտարարեց:
Այս առումով լրագրողներու հարցումին պատասխանելով Թրամփ ըսաւ` «զայն գոյացուցինք», առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ յայտնելու:
Հարաւային Քորէայի նախագահի օգնական Քիմ Եոնկ-պէոմ յայտնեց, որ երկու կողմերը փոխադարձ մաքսատուրքերը պիտի պահեն 15 առ հարիւրի վրայ, սակայն ինքնաշարժներու եւ անոնց կտորներուն վրայ մաքսատուրքերը պիտի նուազեցուին:
Հարաւային Քորէան նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ 350 միլիառ տոլարի, ներառեալ 200 միլիառ տոլար պատրաստ գումարի եւ 150 միլիառ տոլարի նաւաշինութեան ներդրում պիտի կատարէ:
Թրամփ Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիօ երկօրեայ այցելութենէն ետք չորեքշաբթի օր հասաւ քորէական թերակղզիի արեւելքը գտնուող Կիոնկժու շրջան` 21 երկիրներու ղեկավարներու կողքին մասնակցելու համար Ասիա-Խաղաղական ովկիանոս շրջանի պետութիւններու տնտեսական համագործակցութեան համախմբումի վեհաժողովին:
 
			

