Իսրայէլեան աղբիւր մը «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Իսրայէլ-Սուրիա բանակցութիւնները կը շարունակուին եւ իրենց աւարտին կը մօտենան:
Աղբիւրը աւելցուց, որ Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներուն եւ սուրիական կողմին փոխանցած է, թէ Սուրիոյ մէջ անջատման կոչերուն չ՛աջակցիր:
Ամերիկեան վարչակազմի Սուէյտա նահանգին մէջ տեղի ունեցածին նկատմամբ դժգոհութենէն ետք, իսրայէլեան կողմը նաեւ Ուաշինկթընին յայտնած է, որ տիւրզի ղեկավար Հիքմեթ Հըժրիի կամ Սուէյտա նահանգին մէջ ուրիշ մէկուն թիկունք չի կանգնիր:
«Իսրայէլէն դէպի Սուէյտա մարդասիրական միջանցքի հարցը բացառուած է», յայտնած է իսրայէլեան աղբիւրը` շեշտելով. «Միջանցքը պիտի ըլլայ Դամասկոսէն` ամերիկեան ծրագիրի մը հիմամբ»:
Իսրայէլեան աղբիւրը ըսած է. «Կազմուող համաձայնութիւնը կը նմանի 1974-ի համաձայնութեան, կարգ մը թեթեւ բարեփոխումներով, կարգ մը կէտերու, ներառեալ Հերմոն լերան վրայ իսրայէլեան, սուրիական եւ ամերիկեան միացեալ ներկայութեամբ:
«Սուրիական կառավարութիւնը ամերիկացիներուն խոստացաւ ձեռք չտալ տիւրզիներուն եւ Սուէյտա նահանգին մատակարարել անհրաժեշտ կարիքները, գործատեղիներն ու ամսականները», ըսաւ ան:
Աղբիւրին համաձայն, Ուաշինկթըն Թել Աւիւին ըսած է, թէ պէտք է յառաջիկայ տարեսկիզբի սկիզբէն առաջ լուծել սուրիական թղթածրարին եւ Դամասկոսի հետ յարաբերութիւններուն հարցը:
Իսրայէլեան աղբիւրը յայտնած է, որ համաձայնութիւն գոյացած է ստեղծելու սուրիական-ամերիկեան-իսրայէլեան ապահովական միացեալ յանձնախումբ մը` երկու երկիրներուն միջեւ սահմաններուն վրայ բոլոր զարգացումներուն հետեւելու համար:


