Մոնթենեկրոյի մայրաքաղաք Փոտկորիցայի մէջ տեղի ունեցած է թուրքերու դէմ բողոքի ցոյց մը:
Բողոքի ցոյցին մասնակիցները բացագանչած են` «Թուրքե՛ր, դուրս» եւ «Ով որ չի ցատկեր, թուրք է»:
Բողոքի ցոյցերը սկսած են Թուրքիոյ քաղաքացիի մը կողմէ Մոնթենեկրոյի բնակիչի մը վրայ յարձակումէն ետք:
26 հոկտեմբերի երեկոյեան Մոնթենեկրոյի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է Թուրքիոյ երկու քաղաքացիներ` Փոտկորիցայի բնակիչը դանակահարելնուն համար:
Այդ դէպքէն ետք Մոնթենեկրոյի իշխանութիւնները որոշած են ջնջել Թուրքիոյ հետ առանց արտօնագիրի մուտքի դրութիւնը:


