Չինական իշխանութիւնները հաստատեցին, որ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփ այսօր Հարաւային Քորէայի մէջ Ասիա-Խաղաղական ովկիանոս շրջանի պետութիւններու տնտեսական համագործակցութեան համախմբումի վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում պիտի ունենան:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ Ճինփինկ եւ Թրամփ «կարեւոր» նիւթերու շուրջ «խոր» բանակցութիւններ պիտի վարեն:
Նախարարութիւնը նշեց, որ անոնք նաեւ պիտի քննարկեն երկկողմանի յարաբերութիւններն ու հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:
Թրամփ նախքան այդ նախատեսեց, որ Հարաւային Քորէայի մէջ իր չին պաշտօնակիցին հետ երկու երկիրներուն միջեւ հանդիպումը յաջողի լուծել առկախ մնացած «բազմաթիւ խնդիրներ»:
«Կը կարծեմ, որ Չինաստանի նախագահ Շիի հետ հոյակապ ժողով մը պիտի գումարենք, եւ բազմաթիւ հարցեր պիտի լուծուին», լրագրողներուն ըսաւ Թրամփ:
Ան նշեց, որ «վստահ չէ», թէ Հարաւային Քորէայի մէջ իր չին պաշտօնակիցին հետ հանդիպումի ընթացքին պիտի անդրադառնայ Թայուանի զգայուն հարցին:
«Չեմ գիտեր, թէ Թայուանի մասին պիտի խօսի՞նք: Ատկէ վստահ չեմ: Կրնայ հարցը արծարծել փափաքիլ: Շատ ուզելիք բան չունի: Թայուանը Թայուան է», ըսաւ Սպիտակ տան ղեկավարը:
Թրամփ յայտարարեց, որ մտադիր է նուազեցնել Փեքինի արտածումներուն վրայ հաստատուած մաքսատուրքերը, որոնք կապուած են «Ֆանթանել» թմրեցուցիչի Միացեալ Նահանգներ մաքսանենգման:
Պատասխանելով այդ տուրքերուն վերաբերեալ հարցումի մը` Սպիտակ տան ղեկավարը նշեց. «Անոնց նուազեցումը կը նախատեսեմ, որովհետեւ «Ֆանթանել»-ի խնդիրով մեզի պիտի օգնեն»` աւելցնելով. «Չինաստանը «ֆանթանել»-ի հարցով պիտի գործակցի ամերիկեան իրաւապահ մարմիններուն հետ»:
Թրամփ երէկ առաւօտ հասաւ Հարաւային Քորէա:


