Սէուտական Արաբիոյ մէջ կը պատրաստուին կառուցել աշխարհի «երկնային մարզադաշտը», ինչպէս կը հաղորդէ «Փարի Մաչ»:
Նորակառոյց այս մարզադաշտը պիտի տեղակայուի գետնէն մօտ 350 մեթր բարձրութեան վրայ եւ նախատեսուած է գործածուիլ 2034-ի Մոնտիալի խաղերուն համար: Դաշտը պիտի ունենայ 46 հազար հանդիսատես ներառելու տարողութիւն, իսկ անոր շինարարութեան աւարտը նախատեսուած է 2032 թուականին:
Աւելի կանուխ կը հաղորդուէր, որ ՖԻՖԱ կրնայ տեղափոխել Մոնտիալը` զայն կատարելով 2035-ի յունուարին եւ ոչ 2034-ի աւարտին (Քաթարի նման):
Պատճառը Ռամատանի սուրբ ամիսն է, որ կը զուգադիպի 2034 թուականի նոյեմբեր-դեկտեմբերին:
Նշենք, որ Մոնտիալը կարելի չէ ամրան կատարել, մանաւանդ որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ ջերմաստիճանը մինչեւ 50 աստիճանի կը հասնի այդ ժամանակ:


