Գերմանիա պիտի մրցի տիտղոսակիր Սպանիոյ դէմ` աղջկանց Ազգերու լիկայի աւարտական մրցումին, որ տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ ամիս:
Գերմանիա 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Ֆրանսայի դէմ իր դարձի մրցումին` այս վերջինին դաշտին վրայ: Երթին 1-0 արդիւնքով յաղթած Գերմանիա պիտի միանայ Սպանիոյ, որ 5-0 երկու մրցումներու հաշուով դուրս ձգեց Շուէտը:
Աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ երթուդարձի դրութեամբ, ուր Գերմանիա երթի մրցումը պիտի հիւրընկալէ 28 նոյեմբերին, մինչ 4 օր ետք Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ դարձի մրցումը:
Այս մրցումը պիտի ըլլայ աղջկանց Եուրոյի կիսաւարտականի կրկնութիւն, ուր Սպանիա 1-0 արդիւնքով յաղթած էր:
Սպանիա երթին 4-0 արդիւնքով յաղթած էր եւ դարձին Շուէտի մէջ կրցաւ 1-0 արդիւնքով յաղթել` երկու անգամ Պալօն տ՛օր շահած Ալեքսիա Փութելասի կոլին շնորհիւ:
Սպանիա Եուրոյի աւարտականին պարտութիւն կրած էր Անգլիայէն (0-1):


