Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով տեղեկացուց, որ բարձրաստիճան ղեկավարներ Նաքուրայի մէջ գումարած են պատերազմական արարքներու դադրեցման հսկողութեան յանձնախումբի (Մեքանիզմ) 22-րդ ժողովը` քննելու համար լիբանանեան բանակին թշնամական արարքներու դադրեցման դասաւորումները պահպանելու եւ Լիբանանի մէջ զինաթափման ջանքերը ամրապնդելու մէջ արձանագրած յառաջընթացը:
Ժողովականները համաձայնած են աւելի կանոնաւոր ժողովներ գումարելու եւ յայտարարած, որ յանձնախումբի 23-րդ նիստէն մինչեւ 26-րդ նիստը պիտի գումարուին տարեվերջէն առաջ:
Հաղորագրութեան համաձայն, ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս նիստի ընթացքին յայտնած է. «Կը շարունակենք Լիբանանի մէջ զարգացումներուն հետեւիլ եւ կ՛ողջունենք բոլոր զէնքերը մինչեւ տարեվերջ պետութեան վերահսկողութեան տակ դնելու կառավարութեան որոշումը»:
«Լիբանանեան բանակը այժմ պէտք է իր ծրագիրը ամբողջութեամբ գործադրէ», աւելցուցած է Օրթէյկըս:


