Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի ընդունեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթը, որուն կ՛ընկերակցէր ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ դեսպան Ահմետ Զաքին ու լիկայէն պատուիրակութիւն մը:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ արաբական շրջանին մէջ տիրող կացութիւնները, մասնաւորաբար Կազայի մէջ արձանագրուող զարգացումները:
Ռաժժի ներկայացուց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներն ու սպառնալիքները` շեշտելով անոնց դադրեցման համար Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Ան միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, որ լիբանանեան կառավարութիւնը վճռակամ է բացառապէս իր սեփական ուժերով իր գերիշխանութիւնը տարածելու լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը իր կարգին լիկայի` Լիբանանի նկատմամբ տեւական զօրակցութիւնը ընդգծեց:
Ապուլ Ղէյթ շեշտեց լիբանանեան ազգային շահերը որեւէ այլ նկատառումէ կամ շահէ վեր դասելու կարեւորութիւնը:


