Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Գիւտ խաչի տօնին առիթով, կիրակի, 26 հոկտեմբեր 2025-ին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Պատարագը մատուցեց սրբազան հայրը:
Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ մեր Տէրը մեզմէ կ՛ակնկալէ առաւելագոյն մասնակցութիւն Աւետարանի ճշմարտութիւնները տարածելու սրբազան այն աշխատանքին մէջ, որուն կոչուած ենք բոլորս, աւելցնելով, որ մենք մեր առօրեային մէջ միշտ չենք անդրադառնար, սակայն մեր կրօնը մեզմէ ակնկալիքներ ունի, այսինքն պարտականութիւններ կը թելադրէ մեզի եւ իբրեւ քրիստոնեաներ` կ՛ակնկալէ, որ այդ պարտականութիւններուն յանձնուինք անձնուրացութեամբ, որպէսզի աշխարհէն ներս Աստուծոյ կամքը կատարուի: Սրբազանը ըսաւ, որ Գիւտ խաչի տօնին առիթով պէտք է վերաքաղի ենթարկենք մեր ունեցած ըմբռնումներն ու համոզումները եւ անդրադառնանք, թէ իսկապէս երկրաւոր կեանքի պայմաններէն ներս Աստուծոյ համար միջոց պէտք է հանդիսանանք, որպէսզի աշխարհի կեանքը աստուածահաճոյ իրողութեան վերածուի:
Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը ըսաւ, որ Գիւտ խաչի տօնը պատմական դէպքի մը յիշատակումն է, երբ 327 թուականին Կոստանդիանոս կայսեր մայրը` Հեղինէ թագուհին, Հռոմէն ուխտի գնաց մինչեւ Երուսաղէմ, որպէսզի պեղումներ կատարելով` յայտնաբերէ մոռացութեան տրուած այն խաչը, որուն վրայ մեր Տէրը իր կեանքը աւարտեց, եւ ան յաջողեցաւ գտնել խաչը եւ զայն հանդիսաւորապէս հաստատել իր իսկ ջանքերով կառուցուող Ս. Յարութեան տաճարէն ներս: Սրբազանը ըսաւ, որ անցեալի այս պատմութիւնը` իբրեւ տեղեկութիւն, արժէքաւոր տուեալ մըն է, սակայն Եկեղեցին զայն կը յիշէ, որպէսզի մեր գիտակցութեան փոխանցէ այն իրողութիւնը, որ 4-րդ դարուն թագուհին յանձն առած է մինչեւ Երուսաղէմ ուխտի երթալ, որպէսզի յայտնաբերելով Քրիստոսի խաչափայտը` նոր ոգեւորութիւն յառաջացնէ քրիստոնեայ աշխարհին մէջ, ինչպէս նաեւ մարդոց ուշադրութիւնը դէպի աստուածային ճշմարտութիւնները ուղղէ:
Սրբազանը նկատել տուաւ, որ այս հասկացողութեամբ Եկեղեցին կը նշէ այս առիթը եւ միեւնոյն ժամանակ հարցադրում կը կատարէ, թէ մեր օրերուն ո՞վ նմանօրինակ յանձնառութիւններու տակ կը դնէ իր անձը, ո՞վ պարտականութիւններ կը ստանձնէ ոգեւորելու համար քրիստոնեայ աշխարհը, կամ` մեր ապրած միջավայրը, ո՞վ ճիգ կը թափէ, որպէսզի մարդոց ուշադրութիւնը աշխարհի երեւոյթներէն անջատուելով` աստուածային ճշմարտութիւններու վրայ կեդրոնանայ:
Սրբազան հայրը հաստատեց, որ արտասովոր ժամանակներու մէջ կ՛ապրինք, ուր բոլորս անջատուած ենք անցեալէն եւ կ՛ուղղուինք դէպի ապագայ` առանց իմանալու, թէ ուրկէ՛ կու գանք եւ ո՛ւր պիտի հասնինք:
Անդրադառնալով եկեղեցւոյ անունին` սրբազանը բացատրեց, որ մեր նախնիները զայն կոչած են Ս. Նշան, այսինքն` Ս. Խաչի նշան, որպէսզի բոլոր անոնք, որոնք այս սրբարանին նային, անդրադառնան, թէ ո՛ւր պէտք է ուղղուին, ուրկէ՛ կու գան եւ ո՛ւր պէտք է կեանքը զիրենք առաջնորդէ:
Սրբազանը դիտել տուաւ, որ 4-րդ դարէն սկսեալ ուխտաւորներ կ՛անցնէին շարան շարան` երթալու համար Երուսաղէմ, աւելցնելով, որ մեր նախնիները Միջերկրական ծովու ափերուն հայ ուխտաւորներու համար զանազան կայաններ ստեղծած էին, որպէսզի անոնք իրենց անցած ճամբաներուն վրայ պատսպարան գտնեն, նաեւ եկող սերունդներուն համար աւանդ գոյացնեն: Սրբազանը հաստատեց, որ այս միջավայրը եւս այդ ուխտաւորներու անցման կայաններէն մէկը եղած է հնագոյն ժամանակներէն ի վեր` աւելցնելով, որ անոնք ոչ միայն իրենց անձերուն եւ համոզումներուն համար ուխտի գացին, այլեւ իրենց հետեւող շառաւիղներուն համար աւանդ ստեղծեցին, որպէսզի մենք ալ այս նուիրական կառոյցին նայելով` անձնուրաց ծառայութեամբ փորձենք ապրեցնել նախ մենք զմեզ, ապա նոր աւանդ ստեղծելով` ապրեցնել գալիք սերունդները հայադրոշմ եւ հայավայել կեանքի ընթացքով: «Եթէ մենք կ՛ուզենք Քրիստոսի հետեւիլ, պէտք է ամէն օր մեր անձը ուրանալով եւ մոռնալով` մեր խաչը վերցնենք եւ մեզի վերաբերող պարտականութիւնները կարենալ կատարելու համար հետեւիլ Քրիստոսի կենդանի օրինակին», հաստատեց սրբազան հայրը` ողջունելով եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, որ նուիրումով ու աշխատանքով պայծառ կը պահէ այս կառոյցը` գալիք սերունդներուն ամրութիւնը ապահովելու գիտակցութեամբ:
Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:


