Շաբաթ, 25 հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց Քրիստոնէական զօրակցութեան միջազգային կազմակերպութեան նախագահ դոկտ. Ճոն Այպնըրը: Սոյն կազմակերպութեան կեդրոնը կը գտնուի Ցիւրիխի (Զուիցերիա) մէջ: Ան տարբեր երկիրներու մէջ գրասենեակներ ունի:
Դոկտ. Այպնըր վեհափառ հայրապետին պարզեց կազմակերպութեան աշխատանքները` Հայաստանի ու Արցախի վերաբերեալ եւ յատկապէս Պաքուի մէջ ապօրէն կերպով հայ բանտարկեալներուն գծով, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ Սուրիոյ ու Իրաքի քրիստոնեայ համայնքներուն կատարուած օժանդակութեանց մասին:
Վեհափառ հայրապետը իր տեսակէտները պարզեց յիշեալ հարցերուն առնչութեամբ, միաժամանակ իր գնահատանքը յայտնեց կազմակերպութեան գործունէութեան: Վեհափառ հայրապետը մասնաւորաբար շեշտեց Պաքուի մէջ հայ բանտարկեալներու ազատ արձակման անյետաձգելի հրամայականը:
Դոկտ. Ճոն յայտնեց, որ յառաջիկայ շրջանին պիտի այցելէ Անթիլիաս, որպէսզի վերոյիշեալ հարցերուն շուրջ լայնօրէն խորհրդակցի վեհափառ հայրապետին հետ:
Նշենք, որ հանդիպումին ներկայ էին Ամերիկայի արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի անդամները:


