Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Եւրոնեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի 12-րդ լիագումար նիստին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան անդրադարձաւ Հայաստան-Ազրպէյճան կապերուն եւ շեշտեց, որ բոլորը կը փափաքին խաղաղութիւն ունենալ, սակայն մնայուն խաղաղութիւնը հիմնուած պէտք է ըլլայ արդարութեան եւ ազնուութեան վրայ, իսկ արդարութիւնը կը պահանջէ, որ բոլոր կողմերուն կենսական շահերը պաշտպանուած եւ յարգուած ըլլան, եւ ասիկա 2 կողմերէն բարի կամք կը պահանջէ:
«Ցաւօք, մենք այդպիսի բարի կամքի նշան չենք տեսներ Ազրպէյճանի կողմէ: Ազրպէյճանը կը շարունակէ զաւթման տակ պահել աւելի քան 200 քառ. քմ տարածք Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն, կը շարունակէ միջամտել Հայաստանի ներքին հարցերուն` տարբեր պահանջներ ներկայացնելով», դիտել տուաւ ան` յիշեցնելով խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան համար Սահմանադրութեան փոփոխութեան ազրպէյճանական պահանջը:
Ան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ օգտագործել «Զանգեզուրի միջանցք» եզրոյթը, որ կը նշանակէ արտատարածքայնութիւն ճամբայ, որով ակնարկութիւն կը կատարուի, որ անիկա պիտի անցնի Հայաստանի տարածքով` կապ ստեղծելով Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ:
«Բացի ատկէ` եկէք չմոռնանք Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, եկէք աչք չփակենք ցեղային զտումներու վրայ, ցեղասպանութեան վրայ, որ գործած է Ազրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հանդէպ, այսօր չկայ գէթ մէկ հայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Մարդիկ, որոնք այնտեղ 1000-ամեակներով ապրած են, հիմա ստիպողաբար տեղահանուած են: Արդեօք քաղաքակիրթ Եւրոպան կը պատրաստուի՞ աչք փակել ասոր վրայ: Արդեօք մենք պիտի հանդուրժե՞նք երկակի չափանիշները, թէ՞ պիտի պահանջենք, որ Ազրպէյճանը երաշխաւորէ մարդոց անվտանգ վերադարձը իրենց տուներ: Արժանապատիւ վերադարձ` միջազգային երաշխիքներով եւ անվտանգութեան մեքանիզմներով եւ երաշխաւորէ այդ մարդոց անվտանգութիւնը», շեշտեց Խաչատրեան:
Ան յատկապէս լուսարձակի տակ բերաւ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող տասնեակ հայերուն պարագան` կոչ ուղղելով. «Այս վեհաժողովը պէտք է ձայն բարձրացնէ եւ պահանջէ առանց նախապայմաններու այս բանտարկեալներու ազատ արձակումը, որովհետեւ երբ կ՛ըսենք հասցէագրել խնդիրը` Ազրպէյճանն ալ կ՛ըսէ` ամէն ինչ օրէնքով կ՛ընենք, եւ փակեցէք ձեր աչքերը: Աւելի՛ն, Ազրպէյճանը նաեւ Կարմիր խաչի կոմիտէին դուրս հանած է երկրէն եւ տասնեակ մարդիկ Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ որեւէ կապ չունին արտաքին աշխարհին հետ: Ոչ ոք գիտէ, թէ ի՛նչ կը կատարուի անոնց հետ Պաքուի բանտին մէջ, դուք կրնաք միայն լուսանկարներուն մէջ տեսնել, թէ ի՛նչ տառապանք կ՛երեւի անոնց դէմքէն:
«Այս վեհաժողովը առանց վարանելու պէտք է պահանջէ այդ մարդոց անյապաղ ազատ արձակումը», հաստատեց Արթուր Խաչատրեան:


