Վերջապէս Հայաստանը կը յաւակնի Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու ըլլալ, պէտք է ուշադրութիւն դարձնել նաեւ ներքին խնդիրներուն: Այս մասին Եւրոնեսթ Խորհրդարանական վեհաժողովի քաղաքական, մարդու իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան հարցերու յանձնախումբի նիստին ժամանակ յայտարարած է Եւրոպական խորհրդարանի սպանացի երեսփոխան, Թուրքիոյ հարցերով մնայուն զեկուցող Նաչօ Սանչես Ամոր:
Անոր համաձայն, Խօսքը Թուրքիոյ հետ սահմանը բանալու մասին չէ:
«Այլ այն, ինչ, տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի հաւաքներու ընթացքին. չեմ եկած ձեզ դատելու, սակայն 20-40 ոստիկաններով մարդոց կը կալանաւորեն: Եթէ, օրինակ, կաշառքի համար է` այլ է, սակայն երբ կարծիքի համար կը դատեն ընկերային ցանցերու վրայ յայտնած կարծիքի համար, զգուշ եղէ՛ք, ասիկա անընդունելի է», նշած է երեսփոխանը:
«Որ մարդոց կրնան ձերբակալել ընկերային ցանցերու վրայ բան մը գրելու համար, ասիկա արդէն գործելաոճ է: Ժողովրդավարութեան մէջ մէկ անձի նոյնիսկ կարելի չէ բանտարկել իր կարծիքին համար, օրինակ` երթանք Պոլիս: Դուք պէտք չէ ոստիկաններ ուղարկէք: Ի հարկէ, անձը պէտք է դատարան ներկայանայ, սակայն պէտք չէ դատապարտել եւ եզրակացնել, որ ան վտանգաւոր մարդ է, միայն հիմնուելով անոր կարծիքին վրայ: Հայկական իշխանութիւնները պէտք է ուշադիր ըլլան այս հարցերուն, եթէ դուք կը յաւակնիք Եւրոպական Միութեան թեկնածու երկիր ըլլալ», ըսած է Ամոր:
«Սկիզբը կ՛ուղարկէք բանտ, յետոյ կը տեսնէք, թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ: Տեղեակ եղէք նման դէպքերու մասին, որովհետեւ շատ խոր ուսումնասիրած ենք այս դէպքերը», աւելցուցած է Եւրոպական խորհրդարանի անդամը:


