Լիբանանեան բանակը Հըզպալլայի մեծաթիւ զինապահեստանոցներ պայթեցուց, այնքան մը, որ անոր մօտ գտնուող ականները սպառեցան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով երկու աղբիւրներ:
Ապահովական աղբիւր մը եւ լիբանանցի պաշտօնատար մը լրատու գործակալութեան նշած են. «Ականներու սակաւութիւնը, որուն մասին նախապէս տեղեկութիւններ չհաղորդուեցան, արգելք չեղան, որ բանակը արագացնէ հարաւային Լիբանանի մէջ պահուած զէնքերու որոնման առաքելութեան կշռոյթը»:
Լաւատեղեակ երկու այլ պաշտօնատարներ յայտնած են. «Խուզարկումները յանգեցան սեպտեմբերին զէնքերու նոր թաքստոցներու յայտնաբերման»:
Ապահովական աղբիւրը յայտնեց. «Նաեւ փակուեցան տասնեակներով փապուղիներ, զորս կուսակցութիւնը կ՛օգտագործէր: Բանակը նաեւ յաւելեալ զինուորներ կը զինուորագրէ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուելու համար»:
Հըզպալլայի մօտիկ երկրորդ պաշտօնատար մը եւ երկու ապահովական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած են. «Հակառակ բանակին արձանագրած յառաջընթացին, ան կ՛ուզէ խուսափիլ լարուածութենէն եւ լիբանանցի քաղաքագէտներուն համար ժամանակ շահիլ, որպէսզի անոնք երկրին այլ մասերուն մէջ Հըզպալլայի զինանոցներուն վերաբերեալ կարծիքներու համախոհութիւն գոյացնեն»:


