Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթը, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին անդրադարձաւ արագ զարգացումներու լոյսին տակ շրջանին մէջ տիրող կացութեան, արձանագրուող իրադարձութիւններուն նկատմամբ Լիբանանի դիրքորոշումին եւ Իսրայէլի յարձակումներու դադրեցման համար արաբական ու բարեկամ երկիրներու հետ իր թափած ջանքերուն:
Ապուլ Ղէյթ հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Լիբանան այցելութեանս պատճառը մասնակցիլն է երկու կարեւոր խորհրդաժողովներու. առաջինը կը վերաբերի Արաբական լիկայի, Եւրոպական Միութեան եւ Լիբանանի միջեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ գործակցութեան, երկրորդը` վաղը գումարուելիք արաբական տեղեկատուական հանդիպումի հաւաքին»:
«Նախագահին մօտ նկատեցի վստահութիւն, թէ Լիբանանի մէջ հարցերը առողջ ճամբու վրայ են, ան նաեւ երկրի ապագային նկատմամբ վստահութիւն ունի: Ան նաեւ ինծի տեղեկացուց ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսի ու եգիպտական հետախուզութեան պետին հետ հանդիպումներուն մասին եւ զիս դրաւ Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութեան մթնոլորտին մէջ», ըսաւ ան:
«Իմ կարգիս, ներկայացուցի Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթը յառաջ մղելու վերաբերեալ ամերիկեան աշխատանքին եւ վերջին երկու տարիներուն պատահածին նման պաղեստինեան հարցին մէջ Իսրայէլին ազատութիւն չտալու ամերիկացիներուն յստակ վճռակամութեան ընկալումս. հարցերը փոխուեցան: Նախագահին հետ ընդհանուր առմամբ համաձայն էինք, թէ հարցերը դէպի աւելի լաւը կ՛ուղղուին», յայտնեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը:
«Պատերազմին վերսկսումը բացառուած չէ, սակայն իմ կարծիքովս, ատիկա չափազանց անհաւանական է, մանաւանդ երկխօսութեան պայմաններուն մէջ Միացեալ Նահանգներուն հետ, որ ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի Իսրայէլ լքէ հինգ կէտերը եւ լիբանանեան հողեր մուտք չգործէ ու այդտեղ չմիջամտէ. ընդհանուր առմամբ եւ անձնական կարծիքովս, ուղղակի վտանգ չկայ», նշեց Ապուլ Ղէյթ:


