Պէյրութի ճատրակի 12-րդ միջազգային բաց մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար Ֆրետ Նոթըր Տամ դպրոցի շրջանաւարտներու ակումբի կազմակերպութեամբ` «Անթուան Ղանեմ» սրահին մէջ, վերջ գտաւ Պիելոռուս վարպետ Ալեքսի Ալեքսանտրովի յաղթանակով:
Ալեքսանտրով 9 հանգրուաններէն 7-ն յաղթանակով եւ 2-ը հաւասարութիւններով աւարտեց:
Մրցաշարքին կը մասնակցէին աւելի քան 110 մարզիկներ` 12 տարբեր երկիրներէ: Անոնց կարգին էր հայ մեծ վարպետ Վահէ Պաղտասարեան, որ գրաւեց Բ. դիրքը 7,5 կէտով: Լեւոն Պապուճեան իր կարգին մասնակցեցաւ 7 կէտ հաւաքելով:


