Ինթեր Միլանի նախագահ Ճիուզեփէ Մարոթթա մեկնաբանած է Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի գծով Նափոլիի դէմ մրցումին իր ակումբին դէմ փենալթիին նշանակումը:
Մրցումը վերջ գտած էր 3-1 արդիւնքով ի նպաստ Նափոլիի, եւ փենալթին կոլի վերածած էր Քեւըն Տը Պրույնէ:
«Ես կը ցանկամ իմ ներդրումս ունենալ ֆութպոլի համակարգին մէջ, որովհետեւ նոյնիսկ ես քիչ մը շփոթի մատնուած եմ եւ աւելի յստակ բացատրութեան կարիքը ունիմ: Նափոլին արժանի էր յաղթանակին, բայց փենալթիին դրուագը վճռորոշ եղաւ մրցումին հաւասարակշռութիւնը խախտելու համար: Այդ որոշումը օգնական իրաւարարին յուշումին հիման վրայ տրուեցաւ, քանի որ գլխաւոր իրաւարարը սկիզբը սխալ բան չէր տեսած: Կը կարծեմ, որ այդ դրուագը պէտք է վերանայուէր ՎԱՐ-ի միջոցով, ինչ որ կ՛ապահովէր աւելի մեծ յստակ վիճակ: Նափոլիի յաղթանակին մեծապէս օգնեց այս փենալթին: Եթէ առանձնացնենք փենալթին, պէտք է այն դիտարկել իբրեւ առանձին միջադէպ, որ անկախ է խաղի ընդհանուր ընթացքէն»:
«Հաշուի առնելով յարգարժան լրագրողներու խօսքերը` բաւական մեղմ փենալթիներուն մասին, անոնք կը կարծեն, թէ այդ մէկը փենալթի չէր: Ես կը ցանկամ մասնակցիլ այս քննարկման` որոշակի յստակութիւն մտցնելու համար: Ես կարեւոր կը նկատեմ գլխաւոր իրաւարարին առանցքային դերը, քանի որ օգնական իրաւարարի միջամտութիւնը կրնայ դժուարացնել անոր ինքնուրոյն որոշում կայացնելը: Ընդմիջման ժամանակ այցելեցի հանդերձարան, եւ ակնյայտ էր, որ այդ փենալթին հետք ձգած էր: Թէեւ Նափոլին ամենայն հաւանականութեամբ կը յաղթէր, սակայն ես կը խօսիմ խաղի ժամանակագրութեան եւ այդ դրուագին հասնելու ընթացքին մասին: Այդ փենալթիէն ետք խաղի ընթացքը ամբողջովին փոխուեցաւ: Նափոլի վերջին կէս ժամուն արժանիօրէն գերիշխեց, մինչ մեր ֆութպոլիստները պայքարեցան մինչեւ վերջ: Պատիւ եւ փառք անոնց», ըսաւ Մարոթթա` Ինթերի պաշտօնական կայքին վրայ:
Նշենք, որ փենալթին «նուիրուած» էր Նափոլիին, երբ Հենրիխ Մխիթարեան շատ «պարզ» ձեւով կը ճնշէր Տի Լորենցոյի վրայ, որ գետին ինկաւ… Նոյն պահուն Մխիթարեան վիրաւորուած էր եւ փոխարինուած: Հաւանական է, որ ան մօտ 1 ամիս հեռու մնայ կանաչ դաշտերէն:


