Այսօր կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան Գ. հանգրուանը երեկոյեան ժամը 20:40-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ պիտի հիւրընկալէ Անթունիէն:
ՀՄԸՄ, որ իր երկու մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտեց Հուփսի (90-80) եւ Անդրանիկի (71-62) դէմ, այսօր կախակայուած է եւ միայն պիտի ընդունի 14 տարեկանէն վար համակիրներ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ խումբի մը դէմ, որ իր առաջին մրցումին պարտութիւն կրելէ ետք Շանվիլէն (98-95), կրցած էր յաղթել Սանթրալին (89-79):
Անթունիէ լաւ խումբ է եւ ունի օտարներ Քլինթ Չեփմըն, Ռիքի Լիտօ եւ Կլեն Քոզի եւ լաւ լիբանանցիներ, ինչպէս` Մարք Խուրի, Փաթրիք Պու Ապպուտ եւ Միկել Մարթինես, մինչ ՀՄԸՄ իր դաշտին վրայ վստահաբար դիւրին պատառ չէ: Թայլըր Պէյ, Ճորտըն Սթիվընզ, Խալետ Թոմաս, Կապրիէլ Աճէմեան, Այզաք Այյուպի, Ահմետ Իպրահիմ, Ազիզ Ապտել Մասիհ, Թանիոս Աքիքի, Սերուժ Աւետիսեան, Փիթըր Տեքիրմէնճեան, Քարիմ Սալամ եւ Ճիօ Մանուկեան երկու մրցումներէ ի վեր կը փաստեն, թէ կու տան իրենց լաւագոյնը, եւ օրէ օր աւելի լաւ պասքեթպոլ կը խաղան` նկատի ունենալով, որ խումբը տակաւին 100 տոկոս պատրաստ չէ, բայց լաւ ընթացքի մէջ կը գտնուի:
Ռիատիի, Սաժեսի եւ Էն. Էս. Էյ.-ի նման ՀՄԸՄ իր երկու մրցումներն ալ յաղթած է եւ այսօր պիտի փորձէ անպայման իր 3-րդն ալ յաղթել:
Վաղը Թատամոն Հարաժել կը հիւրընկալէ Շանվիլը:


