Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարած է, թէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները հրաւիրուած են Երեւան` 2026 թուականին Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ վեհաժողովին մասնակցելու համար:
«Այո՛, մենք հրաւէրներ ներկայացուցած ենք: Փաստաթուղթ տակաւին չենք ուղարկած, սակայն բարձրագոյն մակարդակով մասնակցելու բանաւոր հրաւիրած ենք», ըսած է ան` աւելցնելով, որ անոնց մասնակցութեան մասին որեւէ բան կարելի չէ ըսել:
«Այս ամէնը շատ թարմ է, եւ տակաւին առիթ ալ չէ եղած մանրամասնութիւնները քննարկելու», նշած է Միրզոյեան:
Ան նաեւ շեշտած է, որ Հայաստան կ՛երթայ հաշտութեան ճամբով. «Ոչ թէ կ՛ըսեմ, թէ այսօր իսկ պատրաստ ենք տեսնել նախագահ Ալիեւը Երեւանի մէջ ու վարչապետ Փաշինեանը Պաքուի մէջ, այլ` կ՛ըսեմ, թէ օր մը այս կացութիւնը պիտի փոխուի: Մենք պէտք է այդ ճամբով երթանք»:


