«Շատ եռանդուն երկխօսութիւն ունինք Թուրքիոյ հետ», լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան` նշելով. «Ես շատ լաւատես եմ այս առումով եւ կը կարծեմ, որ յառաջիկային պէտք է, որ շատ շօշափելի արդիւնքներ ունենայ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութիւնը»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ նկատի ունի շօշափելի արդիւնք ըսելով, Միրզոյեան կրկին փակագիծեր չբացաւ, միայն նշեց, թէ նկատի ունի «այնքան շօշափելի արդիւնք, որ այդտեղ ներկայ որեւէ մէկուն մօտ կասկած չձգէ, թէ իրենք նոյնինքն այդ շօշափելին նկատի ունին»:


