Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավարներէն Տեւրիմ Պալու յայտնեց. «Ապտալլա Օճալանի ազատ արձակումը Թուրքիոյ հետ խաղաղութեան հոլովոյթի աւելի ազդու յաջողութեան համար շատ անհրաժեշտ հարց է»:
«Այս հոլովոյթի գործադրութեան ան ձեռնարկեց: Ան պէտք է աւելի դիւրութեամբ մարդոց հետ հանդիպում ունենայ, եւ անոր պայմանները շտապ կերպով պէտք է բարելաւուին», աւելցուց ան:
Պալու ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց, որ ՔԱԿ-ը իր բոլոր զինեալները թրքական հողերէն հիւսիսային Իրաք հեռացուցած է` Անգարայի հետ խաղաղութեան հոլովոյթը սադրիչ գործելաոճերէն պաշտպանելու համար, այլապէս անոնք կրնան վնասել հոլովոյթին:
«Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը կը գիտակցի, թէ խաղաղութեան հոլովոյթը ժամանակի պիտի կարօտի, եւ մենք այս հարցին նկատմամբ անյոյս չենք, որովհետեւ այսպիսի գործողութիւնները մէկ օրէն միւսը կամ քանի մը ամսուան ընթացքին տեղի չեն ունենար», նշեց ան:
Նշենք, որ ՔԱԿ կիրակի օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ իր բոլոր ուժերը Թուրքիայէն հիւսիսային Իրաք կը հեռացնէ:


