Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց. «Մոսկուան տակաւին Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման նկատմամբ դրական տրամադրուած է»:
«Մենք տակաւին Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման նկատմամբ դրական տրամադրուած ենք, նախ եւ առաջ մեկնելով մեր շահերէն», լրագրողներուն յայտնեց ան:
«Այս յարաբերութիւնները իրենց ամէնէն ցած մակարդակին վրայ են: Մինչեւ հիմա, այս յարաբերութիւնները նախկին ճահճացած վիճակէն դուրս բերելու միայն նախնական փորձեր երեւան եկան, թէեւ չնչին», նշեց Փեսքով:
«Պուրեվեսթնիք» հրթիռի փորձարկումները պէտք չէ ռուս-ամերիկեան լարուածութիւնը աճեցնեն», ըսաւ ան:
«Ռուսիան շարունակ աշխատանք կը տանի իր անվտանգութիւնը երաշխաւորելու, եւ «Պուրեվեսթնիք» հրթիռները այդ նպատակին համահունչ են», աւելցուց Քրեմլինի բանբերը:
Նշենք, որ «Պուրեվեսթնիք»-ը հիւլէական ուժանիւթով բանող հրթիռ է, որ կրնայ 15 ժամ թռչիլ: 21 հոկտեմբերի փորձի ընթացքին անիկա 14.000 քիլոմեթր թռչած էր եւ շուրջ 15 ժամ օդը մնացած:
Զէնքերու տարածման դէմ պայքարի մասնագէտները զայն կը կոչեն «թռչող Չեռնոպիլ»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Փութին պէտք է Ուքրանիոյ պատերազմը դադրեցնէ եւ ոչ թէ հրթիռներ փորձարկէ:


