Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան եւ Ազատագրում ու բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքներէն պատուիրակութիւն մը ընդունելուն ընթացքին յայտնեց. «Այն, ինչ որ կը շեշտեմ, ընտրութիւնները յառաջիկայ մայիս ամսուն` իրենց սահմանադրական ժամկէտին կատարելն է, եւ արտերկրի լիբանանցիները իրաւունք ունին լիբանանեան քաղաքական կեանքին մասնակցելու, որովհետեւ անոնք միայն իրենց ընտանիքներուն նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելու համար չեն, այլ իրաւունք ունին իրենց երկրի ապագային վերաբերեալ տեսակէտ ունենալու»:
«Մեկնելով իշխանութիւններու անջատման սկզբունքէն, այն կարծիքին եմ, որ խորհրդարանն է, որ կը որոշէ, սակայն նախարարները ունին իրաւունք մը, որ պէտք է յարգել», ըսաւ ան:
«Զիս հետաքրքրողը այն է, որ ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին տեղի ունենան», շեշտեց նախագահ Աուն:


