Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար ընտրուելուն միամեակին առիթով «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը շարունակ կ՛առողջանայ, այդ առողջացումը պիտի շարունակուի, բան մը, որ պէտք է շատ հաստատ ու ծանօթ ըլլայ:
Ան աւելցուց. «Երբ կ՛ըսենք պատրաստ ենք, ապա մենք պատրաստ ենք պաշտպանելու, եւ ոչ թէ յարձակում շղթայազերծելու, եւ կռիւի նախաձեռնելու որոշում չունինք, սակայն եթէ մեզի ճակատում պարտադրուի, նոյնիսկ եթէ փայտի կտոր մը ունենանք, ապա իսրայէլացիին անցնիլ պիտի չարտօնենք»:
Շէյխ Քասեմ շեշտեց, թէ Հըզպալլայի զինուորական ներկայութիւնը կապուած է բռնագրաւող թշնամիի ներկայութեան, դիմադրութիւնը հակազդեցութիւն է եւ ոչ թէ արարք: «Զէնք ունենալը մեր հայրենիքն ու գոյութիւնը պաշտպանելու մեր իրաւունքին անբաժանելի մասն է, որովհետեւ մեր գոյութիւնն ու հայրենիքի գոյութիւնը իրարմէ բաժանելի չեն»:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը իր խօսքը վարչապետ Նաուաֆ Սալամին ուղղելով յայտնեց. «Մենք դրական տրամադրուած ենք, եւ հետդ գործակցիլն ու երկրին յաջողութիւնը կ՛ուզենք, չենք ուզեր հետդ տարակարծութիւն ունենալ: Մէկդի ձգէ մեծ հարցերը, որոնց մէջ ռազմավարական խնդիր կայ, կամ երկրին մէջ կրնան տագնապ յառաջացնել»:
Շէյխ Քասեմ ըսաւ, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը հարցերը փոխադարձ հասկացողութեամբ լուծելու դրական ոգին ունի եւ այդ մասին արտայայտուած է տարբեր առիթներով, «եւ անոր հետ մեր համակարգումը հիմնական, անհրաժեշտ եւ շարունակուող է»:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ լիբանանեան բանակը ազգային բանակ է, «եւ անոր վարմունքը եւս ներկայիս լաւ է, եւ ան հաւասարակշռուած կերպով կը գործէ: Իսկ մենք միշտ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» նշանաբանին հետ ենք»:
«Ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին պէտք է կատարել, յետաձգումը անօգուտ է», յայտարարեց շէյխ Քասեմ:


