Արաբական լաւատեղեակ աղբիւրներ «Նաշրա» կայքին յայտնեցին, որ եգիպտական հետախուզութեան պետ հազարապետ-զօրավար Հասան Ռաշատ, որ այսօր Լիբանան կ՛այցելէ, կը փորձէ շրջանային կարգաւորումներ գոյացնելու Գահիրէի դերակատարութիւնը ամրագրել, մասնաւորաբար Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմի ընդլայնումը կանխարգիլելու համար:
Ըստ աղբիւրներուն, ան կը փափաքի առաջարկել լուծումի ծրագիր մը, որ Կազայի մէջ Եգիպտոսի փորձառութիւնը կը կրկնէ` Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ միջնորդի դեր խաղալով:
Աղբիւրներու կարծիքով, եգիպտական փորձը նախապատրաստուած է Շարմ Շէյխի վեհաժողովէն ետք միջազգային հաղորդակցութիւններու ճամբով, որոնց հիմամբ որոշուած է Եգիպտոսի քայլը:
Ռաշատ այս ծիրին մէջ քանի մը օր առաջ հանդիպում ունեցած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ:
Կը նախատեսուի, որ եգիպտական հետախուզութեան պետը իրեն հետ բերէ մանրամասնութիւնները տակաւին անծանօթ եղող կարգաւորման ծրագիր մը, որ գործնական արտայայտութիւնն է շրջանային խաղաղութեան վերաբերեալ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի խօսքին:
Նոյն աղբիւրները կը հերքեն այն պնդումները, թէ անոր Լիբանան այցելութիւնը միայն միջազգային զգուշացում փոխանցելու համար է, «այլ անոր նպատակը լուծումի ծրագիրի ներկայացումն է` կարգաւորման գաղափարը ջատագովելով»:
Նշենք, որ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթը երէկ հաղորդեց. «Եգիպտական հետախուզութեան տնօրէնի Պէյրութ այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ նուրբ թայմինկի մը ընթացքին: Ան Լիբանանին պիտի փոխանցէ ապահովական կացութեան հետեւանքներէն զգուշացնող եւ որեւէ նոր պատերազմէ խուսափելու համար գետնի վրայ զէնքի մենաշնորհման ազդու քայլեր որդեգրելու անհրաժեշտութեան պատգամ մը»:


