ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, թէ կիրակի երեկոյեան շուրջ ժամը 5:45-ին իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը մօտեցած է Քֆարքիլա գիւղին մէջ պարեկութիւն կատարող ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժի մը եւ ձայնային ռումբ նետած, ապա քանի մը վայրկեան ետք իսրայէլեան հրասայլ մը այդ ուժին ուղղութեամբ կրակ բացած է, «բարեբախտաբար ՖԻՆԻՒԼ-ի անդամներու կամ անոնց սարքերուն որեւէ վնաս չէ հասած»:
Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ ատկէ առաջ անօդաչու թռչող սարք մը յարձակողական ոճի թռիչքներ կատարած է վերեւը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն, «որոնք անօդաչու թռչող սարքը վնասազերծելու անհրաժեշտ քայլերը որդեգրեցին»:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Նատաւ Շուշանի երէկ ՖԻՆԻՒԼ-ը ամբաստանեց մէկ օր առաջ իր «տեղեկահաւաքը կատարող» անօդաչու թռչող սարքերէն մէկը վար առնելու յանցանքով:
«Նախնական հետաքննութիւնը ցոյց կու տայ, թէ շրջանին մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը դիտաւորեալ կերպով կրակ բացած են անօդաչու թռչող սարքին վրայ եւ զայն վար առած, թէեւ անոր թռիչքը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն որեւէ վտանգ չէր ներկայացներ», աւելցուց ան:


