Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մենք կը գտնուինք շրջանի մը մէջ, որ ամբողջութեամբ կը ցնցուի, եւ բեմագրութիւնները համապարփակ լուծման եւ պաղ խաղաղութեան միջեւ են: Պաղ խաղաղութիւնը ժամանակաւոր լուծում է, որուն դիմաց կայ պատերազմի իսկական վտանգը, եւ գործնականին մէջ ներկայիս պատերազմը կայ, սակայն այս բեմագրութեան վտանգը կը կայանայ անոր մէջ, որ կրնայ ներքին խնդիրի յանգեցնել»:
Ան ընդգծեց, որ Հըզպալլան իրաւունք չունի ներքին պատերազմով սպառնալ, եւ ներքին ճակատին վրայ կան լիբանանցիներ, որոնք անոր կը սպառնան եւ անոր նկատմամբ սպառնական հռետորաբանութիւն կը կիրարկեն:
Պասիլ յայտնեց, որ շրջանային տագնապներէն Լիբանանի զերծ կացուցումը կրնայ տեղի ունենալ միջազգային հովանաւորութեամբ կամ Միացեալ Նահանգներու հետ պաշտպանական ռազմավարութեամբ: Ան կոչ ուղղեց Լիբանանը դարձնելու չէզոք երկիր մը, որուն վրայ յարձակումը կ՛արգիլուի:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը նաեւ յայտարարեց. «Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութեան մէջ խնդիր չկայ, եւ այն, ինչ որ Նաքուրայի մէջ տեղի կ՛ունենայ, անոր նման է»:
«Հըզպալլան նպաստեց իր զէնքի օրինականութեան խլման, որովհետեւ երկու անգամ Նաուաֆ Սալամի կառավարութեան վստահութիւն շնորհեց», ըսաւ ան:
Պասիլ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է գործադրէ ուժի մէջ եղող ընտրական օրէնքը, որ կը ճշդէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընել: Անոնք գիտեն, թէ արտաքին գործոց եւ ներքին գործոց նախարարութիւններուն զեկուցումը բաւարար է, սակայն ընտրական հոլովոյթը յետաձգման վտանգի կ՛ենթարկեն, լիբանանեան սփիւռքը կը խոցեն եւ մեզ այս թղթածրարին մէջ ետեւ կը տանին:


