Փտածութեան մեղադրանքով կալանքի տակ գտնուող Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի նկատմամբ նոր մեղադրանք առաջադրուած է այս անգամ Քննչական կոմիտէին կողմէ` իշխանութիւնը զաւթելու, երկրին տարածքային ամբողջականութիւնը խախտելու կամ սահմանադրական կարգը բռնի տապալելու գծով հրապարակային կոչեր ուղղելու յօդուածով:
Խօսքը հարցազրոյցի մը մասին է, որուն մէջ Ղուկասեան Հակափտածութիւն դատարանին մօտ լրագրողներու հարցումին ի պատասխան հետեւեալ կարծիքը յայտնած էր. «Իմ ցանկութիւնս է, որ միութիւն կազմենք, ինչպէս որ ամբողջ Եւրոպան միութիւն կը կազմէ, ամբողջ Չինաստանն ու Ռուսիան միութիւն կը կազմեն. Հայաստանը ինքն իրմէ ի՞նչ կը ներկայացնէ, որ միութիւն չկազմէ, բայց անկախ Հայաստանի պետականութիւնը պաշտպանելով»:
Այս հարցազրոյցէն ետք իշխող Քաղաքացիական պայմանագիրի անդամները սկսան կարծր քննադատութեան ենթարկել Ղուկասեանը, իսկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի ամպիոնէն Ղուկասեանի յայտարարութիւնը դիտարկեց իբրեւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ քայլ:
Ան ըսաւ, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան դէմ յայտարարութիւններ կատարողները պէտք է դուրս շպրտենք քաղաքական ու հանրային դաշտէն»:
Վարչապետի այս յայտարարութիւնը Ղուկասեանը նկատած էր իբրեւ իր կեանքի սպառնալիք ու քաղաքական հետապնդում:
Յայտնենք, որ այս նոյն յօդուածով վերջերս Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արք. Աջապահեան դատապարտուեցաւ երկու տարուան ազատազրկման:


