 Հայաստանի իշխանութիւնները Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վրայ յարձակումներով եւ սպառնալիքներով կը գերազանցեն իրենց լիազօրութիւնները. եկեղեցին օրէնքով առանձնացուած է պետութենէն, հայ ժողովուրդը եկեղեցիին կը վերաբերի մեծ յարգանքով, եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եկեղեցին իր հայեցողութեամբ բարեփոխելու լիազօրութիւն չէ տրուած: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլի խորհրդական աւագ քահանայ Նիքոլայ Պալաշով:

«Կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, որ Հայաստանի կառավարութեան ներկայ ղեկավարը որոշած է անհաւասար պայքարի մէջ մտնել ազգային հոգեւոր արժէքներու դէմ եւ այդ նպատակով կը հետապնդէ եւ կը վիրաւորէ եկեղեցւոյ առաջնորդներն ու հոգեւորականները, ձերբակալութիւններ կը կատարէ, եկեղեցիի շէնքերու գրաւման սպառնալիքներ կը հնչեցնէ: Հաւանական է, որ ատիկա տեղի կ՛ունենայ արտաքին ուժերու ազդեցութեան տակ, որովհետեւ նման գաղափարները ակնյայտօրէն կ՛արտացոլեն զգացումները հայ ժողովուրդին, որ մեծ յարգանքով կը վերաբերի իր եկեղեցիին, եւ Փաշինեանին լիազօրութիւն չէ տրուած զայն սեփական կամայականութեամբ բարեփոխելու», ըսած է Պալաշով:
Ան աւելցուցած է, որ ըստ Հայաստանի օրէնսդրութեան, եկեղեցին անջատ է պետութենէն, եւ պետական պաշտօնեաները իրաւունք չունին անոր գործերուն միջամտելու:
«Աշխարհիկ պետութեան քաղաքական գործիչը իրաւունք չունի միջամտելու եկեղեցական կեանքի կառուցուածքին, որ կ՛որոշուի եկեղեցւոյ կանոնական օրէնքներով: Հայաստանի Սահմանադրութիւնը կ՛երաշխաւորէ կրօնական կազմակերպութիւններու գործունէութեան ազատութիւնը եւ կ՛ընդգծէ, որ ատոնք ինքնավար են եւ անջատ պետութենէն: Հետեւաբար, վարչապետը նման յայտարարութիւններով կը խախտէ իր սահմանադրական լիազօրութիւնները` ինքն իրեն արտօնութիւն տալով վիրաւորական դիտողութիւններ եւ սպառնալիքներ ուղղել եկեղեցւոյ ղեկավարութեան հասցէին», ընդգծած է ան:
Ռուսիոյ պատրիարքին խորհրդականը նաեւ յիշեցուցած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան համաձայն, պետութիւնը պարտաւոր է ճանչնալ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցիի` իբրեւ ազգային եկեղեցի բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին, ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ:
«Պատմական փորձառութիւնը համոզիչ կերպով ցոյց կու տայ, որ մարդոց հաւատքին եւ եկեղեցւոյ դէմ պայքարը անխուսափելիօրէն կ՛աւարտի պարտութեամբ, իսկ եկեղեցին անարգողները կը խայտառակուին», եզրափակած է լրատու գործակալութեան զրուցակիցը: