Կազայի մէջ Համաս շարժումի ղեկավար Խալիլ Հայէ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Բռնագրաւումը երկու տարուան պատերազմի ընթացքին ձախողեցաւ իրագործել իր նպատակները»:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ըսաւ, որ պատերազմը աւարտեցաւ, եւ ամէն օր կը լսենք ամերիկեան յայտարարութիւններ, թէ պատերազմը վերջացած է», նշեց ան:
«Բռնագրաւումին պատերազմը շարունակելու պատրուակ պիտի չտանք», շեշտեց Համասի ղեկավարը:
«Կազայի կառավարման համար Կազա բնակող որեւէ հայրենասէր անձնաւորութեան նկատմամբ վերապահութիւն չունինք», ըսաւ ան` յայտարարելով. «Կազայի կառավարումը, ներառեալ ապահովութիւնը պիտի յանձնենք վարչական յանձնախումբին»:
«Ազգային միասնականութեան վերականգնման համար կ՛ուզենք իբրեւ առաջին քայլ ընտրութիւններու դիմել: Մենք մէկ ժողովուրդ ենք եւ մէկ իշխանութիւն ու կառավարութիւն կ՛ուզենք», նշեց Հայէ:
«Ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների հետ հանդիպումիս ընթացքին անոնց յայտնեցի, որ մենք կայունութեան ջատագովներ ենք, եւ անոնց ըսի, թէ Թրամփ կարող է իսրայէլեան բռնագրաւումը զսպել», աւելցուց ան:
«Մեր զէնքը կապուած է բռնագրաւումին ու նախայարձակումին, եւ եթէ բռնագրաւումը աւարտի, ապա այս զէնքը պետութեան պիտի պատկանի», յայտնեց Կազայի մէջ Համասի ղեկավարը:
«Զէնքը տակաւին պաղեստինեան խմբաւորումներուն եւ միջնորդներուն միջեւ քննարկման նիւթ է, իսկ համաձայնութիւնը տակաւին իր սկզբնաւորութեան է», ըսաւ ան` նշելով. «Առանց ազգային համաձայնեցուած դիրքորոշումին կեցուածք մը պիտի չորդեգրենք»:
«ՄԱԿ-ի ուժերը իբրեւ անջատման, սահմանի հսկողութեան եւ Կազայի մէջ զինադադարին հետեւելու ուժեր կ՛ընդունինք», նշեց Հայէ:
Ան «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին ըսաւ. «Գոհ չենք Կազա մուտք գործող օժանդակութիւններու ծաւալէն եւ միջնորդներուն կոչ կ՛ուղղենք միջամտելու»:


