ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այս շաբաթ Հարաւային Քորէայի մէջ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի հետ պիտի չհանդիպի, հակառակ այդ առնչութեամբ կատարուած ենթադրութիւններուն:
Անանուն պաշտօնատարը լրագրողներու հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ըսած է. «Հաստատ, Թրամփ յայտնեց, որ մտադիր է ապագային Քիմ Եոնկ Ընի հետ հանդիպելու, սակայն այդ հարցը ներկայ փուլին օրակարգի վրայ չէ»:
Հարաւային Քորէայի մէջ քորէական թերակղզիի վերամիաւորման նախարար Չոնկ Տոնկ Եոնկ յայտնած էր. «Կը կարծեմ, թէ մեծ հաւանականութիւն գոյութիւն ունի, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յառաջիկայ շաբաթ թերակղզի այցելութեան ընթացքին Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի հետ հանդիպի»:
«Կը թուի, թէ Հիւսիսային Քորէան Միացեալ Նահանգներուն կարեւորութիւն կ՛ընծայէ, եւ հանդիպումի մեծ հաւանականութիւն ցոյց տուող ցուցանիշեր գոյութիւն ունին», լրագրողներուն ըսած էր նախարարը:
Նախքան այդ, «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանն ալ հաղորդած էր, թէ Թրամփի վարչակազմը կը սերտէ հոկտեմբերի վերջաւորութեան կամ նոյեմբերի սկիզբը Ասիա Թրամփի այցելութեան ընթացքին անոր եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարին միջեւ հանդիպումի մը կարելիութիւնը:
Աղբիւրներ պատկերասփիւռի կայանին նշած էին. «Այդ մակարդակի վրայ ժողովի կազմակերպման վերաբերող գումակային հարցերը տակաւին չեն վճռուած, որովհետեւ Ուաշինկթընի եւ Փիոնկիանկի միջեւ Թրամփի առաջին նստաշրջանին եղածին նման հաղորդակցութիւններ չկան»:
Կը նախատեսուի, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը չորեքշաբթի օր հասնի Հարաւային Քորէա` մասնակցելու համար Ասիա-Խաղաղական ովկիանոս տնտեսական համագործակցութեան համախմբումի ժողովին:


