Իտալիոյ ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն, անցեալ տարեշրջանի «Սերի Ա.»-ի ախոյեան Նափոլի 3-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Ինթեր Միլանը:
Ինթեր վատ մրցում չունեցաւ եւ շատ աւելի վտանգաւոր առիթներ կորսնցուց, բայց ֆութպոլը առիթ չի գիտեր, եւ կոլ նշանակելը շատ աւելի կարեւոր է, քան առիթներ ստեղծելը: Նափոլի իր 7 առիթներէն երեքը կոլի վերածեց, մինչ Ինթեր 15 առիթներէն միայն 1 կոլ կրցաւ նշանակել:
33-րդ վայրկեանին Մխիթարեանի ֆաուլէն ետք Քեւին Տը Պրույնէ փենալթիով նշանակեց Նափոլիի առաջին կոլը: Մխիթարեան վիրաւորուելով լքեց դաշտը, մինչ Տը Պրույնէ փենալթին հարուածած պահուն մկանը պատռեց… 54-րդ վայրկեանին Սքոթ Մաքթոմինէյ ուժգին հարուածով նշանակեց Նափոլիի երկրորդ կոլը, որմէ 5 վայրկեան ետք Ինթեր նշանակեց կոլ մը` փենալթիով Չալհանօղլուի միջոցով: 67-րդ վայրկեանին քամերունցի Ֆրանք Անկիսա նշանակեց Նափոլիի 3-րդ կոլը: Ինթեր 2 անգամ ցնցեց Նափոլիի բերդի ձողն ու սիւնը, բայց միայն 1 կոլ կրցաւ նշանակել: Նափոլի վերագրաւեց առաջին դիրքը` նկատի ունենալով, որ Ա. Սէ. Միլան 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրեց Փիզայի դէմ մրցումին:


