Անգլիոյ «Փրեմիեր Լիկ»-ի 9-րդ հանգրուանին, ախոյեան Լիվըրփուլ իր յաջորդական 4-րդ պարտութիւնը կրեց` 3-2 արդիւնքով պարտուելով Պրենթֆորտէն:
Տանկօ Ուաթարա եւ Քեւին Շատէ նշանակեցին Պրենթֆորտի եւ մրցումին առաջին կոլերը, բայց Միլոշ Քերքեզ կիսախաղի սուլիչէն առաջ կոլով մը պատասխանեց: Կը սպասուէր, որ Բ. կիսախաղին Լիվըրփուլ աւելի լուրջ յարձակումներ կազմակերպէ, բայց գնդակին տիրապետելը բաւարար չէր, եւ մրցակից Պրենթֆորտն էր, որ կոլ մը եւս աելցուց Թիակոյի միջոցով (փենալթի):
89-րդ վայրկեանին եգիպտացի Մոհամետ Սալահ նշանակեց Լիվըրփուլի 2-րդ կոլը:
Պրենթֆորտի դէմ պարտութիւնը արդեօք վերջի՞նը պիտի ըլլայ Լիվըրփուլի համար` նկատի ունենալով, որ Մանչեսթըր Եունայթըտ Պրենթֆորտէն պարտուելէ ետք (3-1) կարծէք բախտը բացուեցաւ:
Արդարեւ, 27 սեպտեբերին Պրենթֆորտէն պարտուելէ ետք, Եունայթըտ հոկտեմբերին կատարեց 3 մրցում` Սանտըրլենտի, Լիվըրփուլի եւ Պրայթընի դէմ (շաբաթ օր), եւ բոլորին ալ յաղթեց` մտնելով դասաւորման լաւագոյն հինգ խումբերու կարգին:
Եունայթըտ 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պրայթընը` շնորհիւ Քունիայի, Քասեմիրոյի եւ Մպուեմոյի (2) կոլերուն:


