Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ շաբաթ օր յայտարարեց. «Այսօր առաւօտեան ուրախութիւնը ունեցայ հանդիպում ունենալու Լեւոն ԺԴ. պապին հետ եւ անոր շեշտեցի, թէ լիբանանցիները, իրենց տարբեր պատկանելիութիւններով, ուրախութեամբ կը սպասեն իր այցելութեան»:
«Պապը վերահաստատեց իր կառչածութիւնը Լիբանանի իմաստին եւ գնահատեց պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցիլը` անոր տառապանքին մէջ», ըսաւ վարչապետը:
«Ես իմ կարգիս շեշտեցի, որ Լիբանանի հողային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնն ու ազատութիւնը իր բոլոր զաւակներուն իրաւունքն են, եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւնը միայն արդարութեան վրայ կը հիմնուի, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի պաղեստինցի ժողովուրդի` իր անկախ պետութեան ստեղծման իրաւունքին», աւելցուց Սալամ:
Ուրբաթ օր, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը Հռոմի մէջ հայ կաթողիկէ քահանայապետական Լեւոնեան վարժարանին մէջ ընդունած էր Լիբանանի վարչապետը:
Սալամ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած էր, որ նկատի ունենալով, որ Վատիկանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ, Մարտինի առաջնորդ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասման առիթով Լիբանանը ներկայացուցած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աունը, ինք եւս այս օրերուն Հռոմ գտնուելով փափաքած է այս առիթով տեսակցիլ պատրիարքին հետ եւ շնորհաւորել զինք Մալոյեանի սրբադասման համար:
Ան նշեց, որ ասիկա ուրախութեան եւ գոհունակութեան առիթ է բոլոր լիբանանցիներուն համար անխտիր:


