«ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ». «Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսի Լիբանանի այցելութեան օրակարգը ապահովական պատասխանատուներու հետ բանակցութիւններով պիտի չսահմանափակուի, այլ չորեքշաբթի օր «մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի ժողովին ներկայ գտնուելուն կողքին ան հանդիպում պիտի ունենայ իշխանութեան երեք պետերուն հետ»:
ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին կը յայտնեն, թէ արաբ դիւանագէտ մը Լիբանանի մէջ քաղաքական եւ ապահովական կողմերուն ըսած է. «Ներկայ փուլին Լիբանան մեծ վտանգի տակ է, եւ յառաջիկայ քանի մը շաբաթները վտանգաւոր են, որովհետեւ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ լայնածաւալ յարձակումի մը հաւանականութիւնը մեծ է»:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ականաւոր քաղաքական աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանան Իսրայէլի հետ ուղղակի բանակցութեան վերաբերեալ իր սկզբունքները չփոխեց, եւ գերիշխանութիւնը սակարկելի չէ»:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Մուտոն»-ին. «Քաղաքական աշխատանքը այլեւս ազդու դարձած է, սակայն ոչ այնպիսի ձեւով, որ լիբանանցիներուն կը յիշեցնէ «եռեակ»-ի ժամանակաշրջանը: Իշխանութեան երեք պետերուն երկկողմանի հանդիպումները վերականգնուեցան, սակայն ուշագրաւը եռակողմ պաշտօնական որեւէ հանդիպումի բացակայութիւնն է»:
«ՄՈՒՏՈՒՆ»-ի բացառիկ տեղեկութիւններուն համաձայն, «վարչապետ Սալամ մերժեց բանակցութիւններու թղթածրարին շուրջ որեւէ եռակողմ ժողովի գումարումը` կառչելով իշխանութիւններուն անջատման սկզբունքին»:
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Նախագահ Աուն ներքին խորհրդակցութիւններ կատարելէ ու «կանաչ լոյս» ստանալէ ետք բանակցութիւնները կը շարունակէ, որովհետեւ կ՛ուզէ Լիբանանը պատերազմէն զերծ պահել եւ այն կարծիքը ունի, թէ դիւանագիտական ծիրէն դուրս լուծում գոյութիւն չունի»:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Լիբանանի վրայ ճնշումը օդային յարձակումներու շարունակութեամբ եւ պատերազմի քանդածին վերականգնումը արգիլելով պիտի չսահմանափակուի, այլ պիտի ներառէ տնտեսական միջոցառումներ, որոնց շարքին` անձնաւորութիւններու եւ գումարներու փոխանցման դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ, ինչպէս նաեւ անիկա պիտի ներառէ դրամատնային մարզը իր ներկայ վիճակին մէջ պահելը»:
ԱՐԱԲ դիւանագէտ մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Այս մագլցումին առաջին դրդապատճառը Հըզպալլան թիրախաւորելն ու զինաթափելը չէ, այլ` Նեթանիահուին առնչուած իսրայէլեան ներքին պատճառ մը»:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Ամերիկեան դեսպանատան մօտիկ երեսփոխան մը հինգշաբթի երեկոյեան Հըզպալլայէն պատասխանատուներու հիմնականին մէջ Հարաւային արուարձանները թիրախաւորող լայնածաւալ հարուածներ շղթայազերծելու իսրայէլեան պատրաստութիւններու վերաբերեալ տեղեկութիւններ ու լուրջ զգուշացումներ փոխանցած է»:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հեղինակութիւն մը «Անպա» օրաթերթին. «Ոմանց ակնարկածին նման լայնածաւալ որեւէ պատերազմ կը բացառեմ, որովհետեւ պատերազմը կը շարունակուի եւ կանգ չառաւ: Անիկա աստիճանական եւ առօրեայ մագլցումի մէջ է, այդ ալ միակողմանի կերպով, եւ առանց որեւէ փոխադարձ վնասի Նեթանիահուի կառավարութեան ուզած նպատակները» կ՛իրագործէ:
ՊԱԱՊՏԱՅԻ պալատին մօտիկ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Նախագահը բանակցելու լուրջ առաջարկ կատարեց եւ առնչակից կողմերէն` Իսրայէլէն եւ Միացեալ Նահանգներէն պատասխանի սպասեց: Իսրայէլեան պատասխանը եկաւ յարձակումներու եւ քաղաքայիններու թիրախաւորման շարունակումով, եւ Լիբանան կը սպասէ Միացեալ Նահանգներու ջանքերուն»:
ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթի տեղեկութիւններուն, «Ուաշինկթըն եւ արեւմտեան պետութիւններ կ՛ուզեն, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները ըլլան Հըզպալլայի պարտութեան փուլերէն մէկը` կրճատելով անոր երեսփոխանական պլոքը եւ աջակցելով շիի երեսփոխանական հոսանքի մը, որ կարող է խորհրդարան հասնիլ»:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Անպա» օրաթերթին. «Իւրաքանիւր խմբակի ընտրական օրէնքը ճակատագրական նկատելը պարզապէս աւանդական ազդեցութեան հաւասարակշռութիւններու ամրագրման քող է»:
«ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «սուրիական նախկին վարչակարգէն Լիբանանի մէջ թաքնուած ապահովական անձնաւորութիւններ կը գտնուին Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլայի պաշտպանութեան տակ եւ չեն յաջողած այլ երկիր տեղափոխուիլ»:


