Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ անօդաչու թռչող սարք մը հարաւային Լիբանանի մէջ Թուլի ճամբուն վրայ ինքնաշարժ մը հարուածեց: Արձանագրուեցան երկու զոհեր եւ երկու վիրաւորներ:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ` «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըս պիտի նախագահէ մեքանիզմի յանձնախումբի ժողովին եւ պիտի շեշտէ անհրաժեշտութիւնը, որ Լիբանան գործադրէ զինադադարի որոշումը` Հըզպալլայի Լիթանիի հարաւէն հեռացումով, իր բոլոր զէնքերը յանձնելով եւ գործունէութիւնը դադրեցնելով` խուսափելու համար իսրայէլեան զինուորական քայլէ մը»:

– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ` «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Շրջանը մտաւ «Ուժի ճամբով խաղաղութիւն» սկզբունքին վրայ հիմնուած նոր փուլ, եւ Լիբանանը պէտք է քայլ պահէ այս փոփոխութեան հետ եւ խուսափի ծագումէն աւերիչ պատերազմին, որուն կը ձգտի Նեթանիահուն»:

– ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւր մը` «Անպա» օրաթերթին. «Եթէ պատերազմի նախազգուշացումները վերջին տասը ամիսներուն չեն դադրած, ապա Լիբանանին նախազգուշացումներ եւ մեղադրանքներ ուղղելուն մէջ մասնագիտացած ամերիկացի պատուիրակ Թամ Պարրաքի քողարկուած սպառնալիքը կրնայ ամէնէն վտանգաւորը ըլլալ»:

– ՖԱՅՍԱԼ ՔԱՐԱՄԷԻ աղբիւրները` «Տիար» օրաթերթին. «Ան հաստատ է իր դիրքորոշումներուն վրայ` կտրուկ կերպով մերժելով հողերու որեւէ զիջում կամ թշնամիին հետ ուղղակի բանակցութիւններ: Ան կողմնակից է զէնքի պետութեան մենաշնորհման, սակայն ծիրին մէջ ազգային հայեցակարգի, որ Լիբանանը կը պաշտպանէ յարձակումէն եւ կը պահպանէ հողը պաշտպանելու անոր իրաւունքը»:

– «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Լիբանանեան համալսարանի իրաւաբանութեան կաճառի առաջին մասնաճիւղի նախկին ընդհանուր քարտուղար Թարեք Պաքրի, որ պետութեան անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ կալանաւորուած է եւ շարք մը ուսանողներու քննութիւններու արդիւնքներու կեղծման հարցով կը հարցաքննուի, ընդունեց իրեն ուղղուած մեղադրանքները»:

– ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթ. «Սէուտական Արաբիան հանդարտ կերպով եւ առանց տեղեկատուական աղմուկի, երկխօսութիւնը քաջալերելով, Սէուտական Արաբիոյ մէջ լիբանանցի անձնաւորութիւններ ընդունելով եւ քաղաքական ու կրօնական ղեկավարութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները վերակարգաւորող նախաձեռնութիւններուն աջակցելով աշխատանք կը տանի Լիբանանի մէջ սիւննիական դիրքորոշումը միաւորելու եւ պահպանելու հաւասարակշռութեան ու համակեցութեան վրայ հիմնուած լիբանանեան տարազին մէջ անոր ազգային դերակատարութիւնը»:

– 95 եւ 98 օքթան պենզինի եւ մազութին գիները նուազեցան 15000 լ.ո. եւ յաջորդաբար հասան 1.386.000 լ.ո.-ի, 1.426.000 լ.ո.-ի եւ 1.301.000 լ.ո.-ի: Պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.080.000 լ.ո.:

Նախորդը

Փաստաբանները Դիմում Ներկայացուցած Են Անձերու Կամայական Կալանաւորման Հարցերով ՄԱԿ-ի Աշխատանքային Խումբին` Վիգէն Իւլճեքեանի Անյապաղ Ազատ Արձակման Պահանջով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?