Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան, խմբակցութեան պատգամաւորներ Արթուր Խաչատրեան, Աննա Գրիգորեան եւ Արմէն Գէորգեան 23 հոկտեմբերին հանդիպում ունեցան Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վասիլիս Մարակոսի հետ` վերջինիս խնդրանքով:
Հանդիպումին ընթացքին «Հայաստան» խմբակցութիւնը շարք մը հարցերու վերաբերեալ իր տեսակէտները ներկայացուց: Մասնաւորաբար անդրադարձ կատարուեցաւ հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակին, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան եւ խօսքի ազատութեան հետ կապ ունեցող հարցերուն: Միտքեր փոխանակուեցան Ազրպէյճանի մէջ պահուող պատանդներու հարցին եւ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն յարաբերութիւններուն մասին:


