Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հոկտեմբեր 24-ին ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամուլի ասուլիս` «Վենետիկի յանձնաժողովը արձանագրած է քրէական շարք մը գործերու ապօրինի ըլլալը» նիւթով, զոր վարեցին ՀՅԴ-ի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը, իրաւապաշտպաններ Վահէ Գրիգորեանը եւ Վարազդատ Յարութիւնեանը:

Ա. Մինասեան դիտել տուաւ, որ Վենետիկի յանձնաժողովը արձանագրած է, որ Հայաստանի մէջ կիրարկուող քրէական շարք մը գործեր ապօրինի են, յատկապէս Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 236-րդ յօդուածին 2-րդ մասին վերաբերողը` «Հաւաքի մասնակցելու նպատակով նիւթապէս շահագրգռելը»: Ան շեշտեց, որ ասիկա ոչ միայն իրաւաչափ չի կրնար ըլլալ, այլ իրաւական առումով ունի անյստակութեան բարձր աստիճան եւ օգտագործուած է քաղաքական իշխանութեան կողմէ պատուէր տալու համար, որ յարուցուին բազմաթիւ քրէական գործեր: «Անոնց թիրախ դարձած են թէ՛ կուսակցութիւնները, ինչպէս` Դաշնակցութիւնը, թէ՛ շարժումներ, եւ թէ անհատներ», նշեց Մինասեան:

Ըստ անոր` այս յօդուածով ոչ միայն դատական գործեր յարուցուած են, այլ նաեւ բազմաթիւ պարագաներու կատարուած է կալանք, եւ արձակուած են դատական որոշումներ: «Այսինքն` ըստ էութեան, հակասահմանադրական եւ հակամիջազգային իրաւունքի մեկնաբանութիւն կատարուած է»:

Մինասեան  դիտել տուաւ, որ յատկապէս այս յօդուածը կիրարկուած է Աւետիք Չալաբեանի նկատմամբ, իսկ կալանքներու մասով` նաեւ ՀՅԴ Եղէգնաձորի, Վայքի, Արմաւիրի եւ Արարատի գրասենեակներու նկատմամբ: Այսօր ալ նոր քրէական վարոյթներու նախաձեռնուած է նոյն յօդուածի ծիրին մէջ:

Փաստաբան Վարազդատ Յարութիւնեան դիտել տուաւ, որ 2019-2020-ին քրէական օրէնսգիրքին մէջ եղած է այդ յանցակազմը, իսկ 2021-ին ընդունուածին մէջ անիկա կը բացակայի: Ան յիշեցուց, որ քաղաքական, հասարակական գործիչ Աւետիք Չալաբեանի նկատմամբ քրէական հետապնդման պահէն (2022 մայիս) Հայաստանի Հելսինկեան կոմիտէին կողմէ պատրաստուած է զեկոյց, որուն մէջ կազմակերպութիւնը բացայայտած էր, որ «նիւթապէս շահագրգռելու» յանցակազմը առեղծուածային կերպով ներմուծուած է քրէական օրէնսգիրքին մէջ: Այդ ժամանակ բացայայտուած է նաեւ, որ ղրկուած անգլերէն տարբերակը ուրիշ է, հոն աւելցուած է «հարկադրել» բառը, եւ յանցանքը բացատրուած է այսպէս` «նիւթապէս շահագրգռելը` անձին հարկադրելու հաւաքին մասնակցելու համար»: Այդ ժամանակ Վենետիկի յանձնաժողովը դիտել տուաւ, որ նման յանցակազմ ներմուծելը միջազգային չափանիշերուն կը համապատասխանէ: «Չալաբեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումի սկսելէ ու 2 ամիսով կալանք նշանակելէ ընդամէնը 1 ամիս ետք նոր քրէական օրէնսգիրքը պէտք է ուժի մէջ մտնէր, ուր տուեալ յանցակազմը չկար: Մենք ալ դատարանին յայտնեցինք` 1 ամիսէն յօդուածը ապաքրէական պիտի ըլլայ, ուստի կարելի չէ 2 ամիսով կալանք տալ: Ընդամէնը 1 շաբաթ անց Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնը հրատապ կերպով օրինագիծ բերաւ ու կրկին «նիւթապէս շահագրգռելու» յանցակազմը աւելցուց», ըսաւ Յարութիւնեան:

Ըստ անոր` անկէ ետք սկսան գաղտնալսել թէ՛ Աւետիք Չալաբեանին, թէ՛ ՀՅԴ-ի, թէ՛ այլ շարժումներու անդամներուն, ապա այդ գաղտնալսածը փոփոխել ու իշխանական կայքերուն վրայ տեղադրել:

Փաստաբան Վահէ Գրիգորեան ընդգծեց` Հայաստանի գործող ղեկավարութիւնը, որ իշխանութեան հասած է հաւաքներու միջոցով, ամէնէն աւելի կը սահմանափակէ հաւաքներու սահմանադրական ազատութիւնը: Ան նշեց, որ «նիւթապէս շահագրգռել» ձեւակերպումը որոշակի չէ, իսկ օրէնքին մէջ իրաւական փոփոխութիւններով պէտք է յստակ ըլլայ, թէ ինչպիսի գործողութիւններ իրաւաչափ են:

«Հաւաք կազմակերպողը ողջմտօրէն պարտաւոր է կամ կրնայ հոգալ հաւաքի մասնակիցներուն սնունդի, կեցութեան, գուցէ նաեւ թեքնիք հարցերը: Այժմ այդ ամէնը հաւասարեցուած են յանցագործութեան, սակայն վերը նշուածը որեւէ պարագայի պէտք չէ նոյնիսկ դիտարկուէր որպէս իրաւախախտում, առաւել եւս` յանցագործութիւն: Վենետիկի յանձնաժողովը արդէն իսկ արձանագրած է, որ օրէնքի անորոշութիւնը իշխանութիւնները օգտագործած են քաղաքական ընդդիմախօսները, թէկուզ ժամանակաւոր, չէզոքացնելու միջոց», ըսաւ Գրիգորեանը:

Ան ըսաւ, որ անթոյլատրելի է զանգուածային անկարգութիւններ իրականացնելու նպատակով կամ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ վճարովի հիմունքներով անձեր հաւաքի մասնակից դարձնելը, բայց անոնց ծախսերու փոխհատուցում իրականացնելը` ոչ:

 

Նախորդը

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Յաջորդը

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?