Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պիտի Չհամաձայնիմ Թիւ 16 Ընտրատարածքի Չեղարկման Եւ Ընտրութիւնները Նոյնիսկ Մէկ Օրով Յետաձգման» Կ՛ըսէ Պըրրի

Հոկտեմբեր 25, 2025
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի` ընտրական օրէնքի շուրջ ընթացող բանավէճին մասին իր դիրքորոշումը ամփոփելով, «Ասաս» կայքին յայտնեց. «Եթէ գնդակը հարուածելու մէջ լաւ չեն, ապա ստիպուած չեմ անոնց համար բերդը ընդլայնելու»:

Պատասխանելով ներկայ ճգնաժամին վերաբերեալ հարցումի մը` Պըրրի ըսաւ. «Խնդիրը մօտս չէ, այլ ուրիշներու: Ունինք ուժի մէջ եղող օրէնք մը, որ պէտք է գործադրուի: Ինչպէս որ իրենք կ՛ուզեն սփիւռքը քուէարկէ, ես ալ կ՛ուզեմ, եւ ատիկա ընտրական օրէնքին մէջ նշուած է:

«Օրէնքը յստակ է, եթէ իր տնօրինման հիմամբ գործադրուի: Ան, որ կ՛ուզէ սփիւռքը վեց աթոռներուն քուէարկէ, կրնայ արտասահմանին մէջ քուէարկել, իսկ ան, որ կ՛ուզէ 128 աթոռներուն քուէարկել, կրնայ հոս գալ եւ այդ մէկը կատարել: Այդպիսով իրենց նպատակին կը հասնին: Երկու քուէարկութիւններուն միջեւ հակասութիւն չկայ: Թող վեց աթոռները գոյութիւն չունեցող նկատեն, եւ իրենց քուէարկողները այստեղ բերեն: Օրէնքը կը գործադրենք, եւ ոչ ոք միւսին վրայ յաղթանակ կը տանի, այլ բոլորս կը շահինք:

«Կարիք չունինք օրէնքի որեւէ բարեփոխման,  եւ թիւ 16 ընտրատեղամասի ջնջումին համաձայն պիտի չըլլամ: Քաղաքապետական ընտրութիւններուն բազմաթիւ արտերկրի լիբանանցիներ եկան եւ Լիբանանի մէջ քուէարկեցին: Պախհուն գիւղին մէջ Քուէյթէն 400 լիբանանցիներ եկան ու քուէարկեցին: Ատիկա այլ քաղաքապետութիւններու մէջ ալ տեղի ունեցաւ», աւելցուց ան:

Ինչ կը վերաբերի երեսփոխան Ղասսան Սքաֆի առաջարկէն ետք ընտութիւններու թուականը թեքնիք յետաձգման ենթարկելու կարելիութեան` խորհրդարանի նախագահը յայտնեց. «Սքաֆը եկաւ եւ ինծի ներկայացուց իր առաջարկը ընտրութիւնները երկու կամ երեք շաբաթով յետաձգելու, որպէսզի արտերկիրի լիբանանցիները կարողանան հոս գալ: Անոր պատասխանեցի. «Ոչ իսկ մէկ օր: Ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին տեղի պիտի ունենան, եւ բոլորս զանոնք կ՛ուզենք: Ո՛չ ուշացում, ո՛չ յետաձգում, ո՛չ երկարաձգում»:

«Բոլորը համաձայն գտնուեցան վեց աթոռներու օրէնքին, երբ վաւերացուեցան: Այս փորձառութիւնը միայն մեզի յատուկ չէ: Ֆրանսա չբնակողներն ու սփիւռքի մէջ գտնուողները ֆրանսացի երեսփոխաններու կը քուէարկեն տարածուելով աշխարհի ցամաքամասերուն վրայ 11 ընտրատեղամասերու մէջ, որոնք ազգային չեն եւ Ֆրանսայէն դուրս են: Անոնք զիրենք ներկայացնող երեսփոխանները կ՛ընտրեն դեսպանատուներու եւ հիւպատոսարաններու մէջ քուէարկելով, եւ Ֆրանսայի մէջ երեսփոխաններուն չեն քուէարկեր»:

Ժեմայել Կ՛արձագանգէ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ` խօսքը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ուղղելով, յայտնեց. «Ո՞ր բառարանին մէջ «համայնքի մեկուսացում» կը նկատուի»: Սփիւռքի բոլոր համայնքներէն ու շրջաններէն եղող հարիւր հազարաւոր լիբանանցիներուն, առանց որեւէ խտրութեան, իրենց երկրին ճակատագիրը ճշդելու իրենց սահմանադրական իրաւունքի իրացումը:

«Համայնք մը մնացեալ լիբանանցիներէն մէկուսացնել փորձողը ան է, որ կը մերժէ պետութեան եւ հաւասարութեան տրամաբանութիւնը, եւ կառչած կը մնայ իր զէնքին ու Իրանի հետ իր գաղափարախօսական կապին, հակառակ վերջինիս ամէնէն դժուար պահերուն զինք լքելուն», աւելցուց Ժեմայել:

«Յամենայնդէպս, տեսակէտդ քեզի իրաւունք չի տար արգիլելու խորհրդարանի ընդհանուր նիստի մը ճամբով այս քննարկումը վճռելը, որովհետեւ խորհրդարանը, ի՛նք է, որ բոլոր լիբանանցիները կը ներկայացնէ եւ որոշումը անոր ձեռքն է», նշեց երեսփոխանը:

 

 

Նախորդը

Թեհրան Կը Դատապարտէ Լիբանանի Դէմ Հինգշաբթի Օրուան Յարձակումները

Յաջորդը

Պիտի Շարունակենք Լիբանանեան Պետութեան Ու Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ», Կ՛ըսէ Պլասխարթ

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?