Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ժինին Հենես-Պլասխարթ «ՄԱԿ-ի օր»-ուան առիթով յայտնեց. «Մինչ ՄԱԿ-ը իր 80-րդ տարին կ՛ամբողջացնէ փոփոխութեան ու բարեկարգման ժրաջան աշխատանքի պայմաններու մէջ, Լիբանան կը դիմագրաւէ իր արդի պատմութեան վճռորոշ փուլերէն մին, որ պիտի ճշդէ անոր ապագայ երթը: Նոյն ատեն կը շարունակուին շրջանային մեծ փոփոխութիւնները, եւ միջազգային ուժերը կը շարունակեն ապահովական ու աշխարհաքաղաքական նոր պատկերը գծել»:
«ՄԱԿ-ի օր»-ը այս տարի կը նշուի, մինչ Լիբանան անորոշութենէն կ՛անցնի: 2024 թուականին թշնամական արարքներու մագլցումէն ետք, լիբանանեան իշխանութիւններն ու լիբանանեան զինեալ ուժերը մեծ ջանքեր թափեցին եւ տարիներու սառեցումէ ետք վերակենդանացուցին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի շարք մը կէտերը:
«Բայց եւ այնպէս, հարաւային Լիբանանը տակաւին մեծ աւերէ կը տառապի ֆինանսաւորման սուր սակաւութեան եւ ապագայ փուլերու անյստակութեան իբրեւ հետեւանք, ինչ որ կը ստեղծէ ընթացք մը, որուն մէջ դժուար է լիբանանցիներուն կոչ ուղղել շարունակելու համբերել:
«Պատմութիւնը անջնջելի հետքեր ձգեց, եւ անցեալի իրերայաջորդ ճգնաժամերու արմատական պատճառները տակաւին առանց իսկական լուծումի կը մնան: Բայց եւ այնպէս, Լիբանանի դժուար ու քաջարի երթին աջակցութեան հաւաքական ջանքերը տակաւին կը շարունակուին», ըսաւ ան` նշելով. «Հակառակ այն իրողութեան թէ ճամբան տակաւին երկար է եւ ներքին ու շրջանային մակարդակի վրայ ժրաջան աշխատանք կը պահանջէ, Լիբանան յստակօրէն ընդգծեց, թէ իր ընտրած յառաջընթացի երթէն ետդարձ չկայ», յայտնեց ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը:
«Լիբանան իր պատմութեան ընթացքին տառապեցաւ քաղաքական եւ տնտեսական կանոնաւոր ձախողութիւններէ, սակայն անոր ժողովուրդը ոչ մէկ օր այդ ձախողութեան աղբիւրն էր», նշեց Պլասխարթ:
«ՄԱԿ-ը պիտի շարունակէ լիբանանեան պետութեան ու անոր ժողովուրդին կողքին կանգնիլ` ջանալով բոլորին համար կայունութիւն եւ բարգաւաճում իրագործել», յայտարարեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչը:


