էմ. Էյ. Էյ.-ի հայ մարտիկ Ժորա Այվազեան փայլուն ելոյթ ունեցաւ Տուպայի Էյ. Սի. Էյ. լիկային իր մրցումին` պրազիլցի Տենիս Սիլվայի դէմ, զայն նաք-աութի ենթարկելով մենամարտի Բ. ռաունտին:
Իր առաջին մրցումին, (Էյ. Սի. Էյ.ի Լիկէն ներս) Այվազեան, որ վերջերս 30 տարեկան դարձաւ, իր յաղթական շարքը հասցուց 7 մենամարտի: Ան նախապէս հանդէս եկած էր Փի. Էֆ. Էլ. Պելլաթոր եւ Իկըլ Էֆ. Սի. կազմակերպութիւններու մրցաշարքերէն ներս, ուր 17 մրցումներ կատարած էր` կրելով 1 պարտութիւն: Սակայն մենամարտերու հազուադէպութեան պատճառով, ան որոշած էր փոխել լիկան, ինչ որ լաւ քայլ մըն էր Ժորայի կողմէ, որովհետեւ ընդհանրապէս Տուպայի մէջ տեղի ունեցող Էյ. Սի. Էյ.ի լիկան աւելի աշխուժ է:


