Եւրոպական ֆութպոլը բոլորին ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ Սպանիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունենալիք «Քլասիքօ» մրցումին, ուր Ռէալ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնան վաղը` ժամը 17:15-ին:
Ռէալ Մատրիտ 2 կէտի առաւելութիւն ունի Պարսելոնայի վրայ 4 յաջորդական մրցումներ, (բոլոր մրցաշարքերուն) յաղթելէ եւ միայն 1 կոլ ստանալէ ետք: Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ 5-2 արդիւնքով պարտուելէ ետք Ռէալ Մատրիտ աւելի «հասուն» խաղաոճ կ՛որդեգրէ:
Անցեալ տարուան ախոյեան Պարսելոնա պիտի փորձէ յաղթելով վերադառնալ պարագլուխի դիրք, եւ Օլիմփիաքոսի դէմ 6-1 արդիւնքով յաղթանակը կրնայ օգնել անոնց, նոյնիսկ վիրաւոր մարզիկներով, Հանզի Ֆլիքի խումբը կը շարունակէ յարձակողական գեղեցիկ ֆութպոլ ցուցաբերել:
Պարսելոնա անցեալ տարեշրջանին յաղթեց վերջին 4 «Քլասիքօ»-ները, որոնց 2-ը բաժակի աւարտականներու 3-է աւելի կոլեր նշանակելով: Ռէալ Մատրիտ պիտի փորձէ արգիլել Պարսելոնայի, որ 8-րդ ճակատումը յաղթէ (վերջին 12 մրցումներուն):
Կը սպասուի, որ կոլերով հարուստ խաղ մը տեղի ունենայ, բայց թէ ո՛վ կը յաղթէ` մրցումին կը յստականայ:
Իտալիոյ մէջ այսօր` ժամը 19:00-ին, անցեալ տարուան ախոյեան Նափոլի պիտի հիւրընկալէ փոխախոյեան Ինթեր Միլանը:
Նափոլի տարեշրջանը շատ լաւ սկսելէ ետք, սեպտեմբերէն ի վեր ոչ շատ համոզիչ ելոյթներ կ՛ունենայ իր 8 մրցումներուն 4 պարտութիւններ կրելով: Ցնցիչ էր ՓՍՎ Այնտովընի դէմ 6-2 արդիւնքով ծանր պարտութիւնը: Ինթեր, իր կարգին սեպտեմբերի 13-էն ի վեր (երբ 4-3 արդիւնքով Եուվենթուսի դէմ պարտուեցաւ) իր 6 մրցումներն ալ յաղթանակներով աւարտած է` մոռցնել տալով իր ոչ շատ համոզիչ տարեշրջանի սկիզբը:
Ինթեր Միլան վերջերս Նափոլիի դէմ աւելի դրական արդիւնքներ կ՛արձանագրէ, արդարեւ կրցած է յաղթել 13 ճակատումներուն 6-ն, հաւասարելով մնացեալ 6-ին:
Նափոլիէն պիտի բացակայի Ռոմելու Լուքաքու, իսկ Ինթեր Միլանէն` Մարքուս Թիւրամ:
Ստորեւ` Եւրոպայի լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններու շաբաթավերջին յայտագիրը:
ԱՆԳԼԻԱ
9-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ԱՅՍՕՐ`
Չելսի – Սանտըրլենտ
Նիւքեսըլ – Ֆուլհամ
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Պրայթըն
Պրենթֆորտ – Լիվըրփուլ
ՎԱՂԸ
Արեսնալ – Քրիսթըլ Փելես
Ասթոն Վիլա – Մանչեսթըր Սիթի
Պորնմաութ – Նոթինկհամ Ֆորեսթ
Վուլվզ – Պըրնլի
Էվըրթըն – Թոթենհամ
ՖՐԱՆՍԱ
9-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ԱՅՍՕՐ`
Պրեսթ – Փարիզ Ս. Ժ.
Մոնաքօ – Թուլուզ
Լանս – Մարսէյ
ՎԱՂԸ
Լիլ – Մեձ
Անժէ – Լորիան
Ռենն – Նիս
Օքսեռ – Լըհավր
Լիոն – Սթրազպուրկ
ԳԵՐՄԱՆԻԱ
8-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ԱՅՍՕՐ`
Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ – Զանքթ Փաուլի
Մէօնշընկլատպախ – Պայերն Միւնիխ
Աուկզպուրկ – Ռետ Պուլ Լայփցիկ
Հոֆենհայմ – Հայտընհայմ
Համպուրկ – Վոլֆսպուրկ
Տորթմունտ – Քէօլն
ՎԱՂԸ`
Պայեր Լեւերքուզըն – Ֆրայպուրկ
Շթութկարթ – Մայնց
ԻՏԱԼԻԱ
8-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ԱՅՍՕՐ`
Փարմա – Քոմօ
Ուտինեզէ – Լեչէ
Նափոլի – Ինթեր Միլան
Քրեմոնեզէ – Աթալանթա
ՎԱՂԸ`
Թորինօ – Ճենովա
Սասուլօ – Ա. Էս. Ռոմա
Վերոնա – Քալիարի
Ֆիորենթինա – Պոլոնիա
Լացիօ Ռոմա – Եուվենթուս
ՍՊԱՆԻԱ
10-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ԱՅՍՕՐ`
ժերոնա – Օվիետօ
Էսփանիոլ – Էլչէ
Աթլեթիքօ Պիլպաօ – Խեթաֆէ
Վալենսիա – Վիարէալ
ՎԱՂԸ`
Մայորքա – Լեվանթէ
Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա
Օսասունա – Սելթա Վիկօ
Ռայօ Վայեքանօ – Ալավէս
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Պեթիս – Աթլեթիքօ Մատրիտ


