Լիոնել Մեսսի երկար ամիսներու ձգձգումէ ետք վերջապէս որոշեց երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը Ինթեր Մայեմիի հետ` հաստատելով, որ ֆութպոլի մեծագոյն աստղերէն մէկը պիտի մնայ Էմ. Էլ. Էս.-էն ներս, երբ Ինթեր Մայեմի յառաջիկայ տարի փոխադրուի իր նոր մարզադաշտը:
Արեւելեան շրջանի 3-րդ դիրքի վրայ դասուած խումբը իր փլէյ-օֆի մրցումներուն կրնայ սկսիլ հանգիստ մտքով, մանաւանդ որ երկարաձգումը եղաւ ճիշդ ժամանակին` Նաշվիլի դէմ մրցումի նախօրեակին:
«Ասիկա ինծի շատ ուրախութիւն պատճառեց, մնալով եւ շարունակելով Մայեմիի հետ:
Երազ ըլլալէ անկախ, այս մէկը դարձաւ գեղեցիկ իրականութիւն` խաղալ այս նորակառոյց դաշտին մէջ` Մայեմիի ազատութեան պարտէզը (Մայեմի Ֆրիտըմ Փարք): Մայեմի հասնելէս ի վեր, շատ ուրախ էի, եւ ուրախ եմ, որ պիտի շարունակեմ մնալ հոս»:
Ինթեր Մայեմի յայտնեց, թէ պայմանագրութեամբ կատարուեցաւ 3 տարուան երկարաձգում, որ կ՛աւարտի 2028-ին: Մեսսիի ստորագրութեան երազը վստահաբար տոմսեր ծախելու յաւելեալ առիթ պիտի ըլլայ, մանաւանդ նոր դաշտին համար, որ Մայեմիի միջազգային օդակայանին մօտ կը գտնուի: Ակումբը արդէն իսկ կը ծախէ տոմսերու հաւաքածոներ, մանաւանդ, որ համակիրներ հիմակուընէ կ՛ուզեն գրաւել որոշ աթոռներ, եւ մարդիկ նոյնիսկ ամիսներ առաջ ապահոված են աթոռներ` յոյսով, որ Մեսսի վերանորոգէ: Մեսսիի այս որոշումը թէ՛ ակումբին, թէ՛ ալ Էմ. Էլ. Էս.-ին համար շատ լաւ քայլ մըն է, Միացեալ Նահանգներու մէջ, ֆութպոլը աւելի եւս զարգացնելու համար:
38 տարեկան Մեսսի շատ հաւանաբար իր վերջին արհեստավարժ պայմանագրութիւնը ստորագրեց: Իր կեանքի կէսը ապրելէ ետք Պարսելոնայի հետ, ուր 17 տարեկանին սկսած էր 2004-ին: Յուլիս 2023-ին միանալէ ետք Ինթեր Մայեմիի, Մեսսի վերամիացած էր իր նախկին խմբակիցներ Լուիս Սուարէսի, Ժորտի Ալպայի եւ Սերխիօ Պուսքեթցի: Ամիս մը առաջ, Ալպա եւ Պուսքեթց որոշեցին 2025-ի աւարտին լքել ֆութպոլը, բայց Մեսսի պիտի շարունակէ:


