Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ վերջ գտաւ 23 տարեկաններու յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Հայ ըմբիշ Սուրէն Աղաջանեան, որ կը մրցէր մինչեւ 60 քկ կշիռի դասակարգին մէջ, դարձաւ պրոնզէ մետալակիր` 8-0 արդիւնքով միակողմանի յաղթանակ մը տանելով ամերիկացի Մաքսուէլ Հոփեր Պլէյքի վրայ:
Աւելի կանուխ, Ռազմիկ Քուրդեան (130 քկ) 1 պարտութիւն կրելով դարձած էր աշխարհի փոխախոյեան` շահելով արծաթ մետալ:
Ստորեւ` հայ ըմբիշներու արդիւնքները բոլոր կշիռներու դասակարգերուն մէջ.-
55 քկ – Արայիկ Թոփալեան, 21-րդ դիրք
60 քկ – Սուրէն Աղաջանեան, 3-րդ դիրք
63 քկ – Դաւիթ Ջոտեան, 21-րդ դիրք
67 քկ – Ռուբէն Միրանեան, 7-րդ դիրք
72 քկ – Գասպար Տէրտէրեան, 5-րդ դիրք
77 քկ – Սամուէլ Տէրտէրեան, 7-րդ դիրք
82 քկ – Եուրիկ Պետրոսեան, 14-րդ դիրք
87 քկ – Ռուբէն Գէորգեան, 23-րդ դիրք
97 քկ – Արշակ Հեղամեան, 5-րդ դիրք
130 քկ – Ռազմիկ Քուրդեան, 2-րդ դիրք


