Մինչ կը հաղորդուի, թէ ամերիկեան վարչակարգը Կազայի մէջ տեղակայուելու համար միջազգային ուժի մը ձեւաւորման համար աշխուժ հաղորդակցութիւններ կը կատարէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներու յղած պատգամով մը ընդգծեց, թէ Թել Աւիւ կը մերժէ Կազայի մէջ որեւէ թրքական ներկայութիւն: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը:
Նեթանիահու այս դիրքորոշումը արտայայտած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Կազայի պատերազմի վերջ տալու ծրագիրի երկրորդ փուլին հետեւելու պարտականութիւն ունեցող ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ ունեցած հանդիպումներուն:
Դիւանագիտական աղբիւրներ «Մաարիւ»-ին յայտնած են, թէ Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Թրամփի խորհրդական ու փեսայ Ճարետ Քուշների հետ իր բանակցութիւններուն շեշտած է. «Թուրքիան Կազա բերելու որեւէ փորձ իսրայէլեան կարմիր գիծի շրջանցում է»:
Նոյն աղբիւրները իսրայէլեան օրաթերթին ըսած են, թէ Նեթանիահուի համաձայն Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ ղեկավարուող Թուրքիան շրջանին մէջ «թշնամական կողմ է», եւ անցնող տարիներուն պաղեստինեան Համաս շարժումին քաղաքական ու ելեւմտական աջակցութիւն ցուցաբերած է: Առ այդ միջազգային որեւէ ջանքի, ներառեալ մարդասիրական կամ քաղաքային անոր մասնակցութիւնը Իսրայէլի համար անընդունելի է:
Իսրայէլացի սպաներ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեցին. «Կազա մուտք գործելիք ուժերու ինքնութեան պէտք է բոլոր կողմերը համաձայն ըլլան, եւ մենք մտահոգ ենք թրքական ուժերու տեղակայմամբ»:
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենս Ուիթքոֆի եւ Քուշների հետ Քիրիաթ Կաթի մէջ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած էր, թէ Թուրքիան կրնայ Կազայի համաձայնութեան մէջ «դրական» դերակատարութիւն ունենալ:
«Իւրաքանչիւր երկիր զինադադարի գործադրութեան մէջ դեր մը պիտի ունենայ, եւ որեւէ դաշնակիցի որեւէ բան պիտի չպարտադրենք», նշած էր ան:
Միւս կողմէ` բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, թէ բրիտանական ուժ մը Իսրայէլի մէջ տեղակայուած է` միանալու համար բազմազգեան ուժին, որ պիտի հսկէ Կազայի մէջ զինադադարին:
«Իսրայէլ Հայոմ» հաղորդեց, որ Ազրպէյճանն ու Ինտոնեզիան կրնան գլխաւորել Կազայի մէջ նախատեսուած Միջազգային կայունացման ուժերը: Այս երկու երկիրները պիտի կազմեն տասնեակ հազարաւոր զինուորներէ բաղկացած բազմազգ զօրախումբին կորիզը:
Ազրպէյճանն ու Ինտոնեզիան ներգրաւելու որոշումը տրուած է, երբ Իսրայէլ վեթօ դրած է թրքական զօրքերու մասնակցութեան: Ըստ տեղեկութիւններու, Միացեալ Նահանգներ աջակցած են Իսրայէլի դիրքորոշման:
Կը նշուի, որ Ինտոնեզիան մեծ փորձառութիւն ունի ՄԱԿ-ի հովանիի տակ միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններու մասնակցելու հարցին մէջ, իսկ Ազրպէյճանը Իսրայէլի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ամէնէն մօտ գործընկերներէն մէկն է:
Ռուպիօ երէկ Իսրայէլ իր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց. «Կազայի մէջ միջազգային ապահովական ուժը պէտք է ըլլայ այն երկիրներէն, որոնց հետ Իսրայէլ ինքզինք հանգիստ կը զգայ»:


