Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Մօտ օրէն Վենեզուելայի մէջ ցամաքային շարժում մը պիտի տեսնենք, եւ ճիշդ չէ, թէ ռմբաձիգներ Վենեզուելայի մօտ ուղարկեցինք»:
Մինչ այդ` Թրինիտատ եւ Թոպեկոյի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ամերիկեան մարտանաւեր երկիր պիտի այցելեն` շրջանին մէջ Ուաշինկթընի թմրեցուցիչներու մաքսանենգներու դէմ արշաւի ծիրին մէջ Վենեզուելայի ծովափին մօտ միացեալ ռազմափորձեր կատարելու համար:
Նախարարութիւնը նշեց, թէ ամերիկեան խորտընկեց «Կրէյվլի»-ն 26-30 յունուար պիտի գտնուի մայրաքաղաք Փորթ աֆ Սփէյնի նաւահանգիստը, իսկ ամերիկեան նաւազներէն միաւոր մը այդ այցելութեան ընթացքին Թրինիտատ եւ Թոպէկոյի պաշտպանութեան ուժերուն հետ միացեալ վարժանք մը պիտի կատարէ:
Վենեզուելայի պաշտպանութեան նախարար Վլատիմիր Փատրինօ յայտնեց, որ իր երկիրին դէմ «Սի. Այ. Էյ.»-ի կողմէ որեւէ գործողութեան ճակատագիրը ձախողութիւնը պիտի ըլլայ:
«Գիտենք, թէ «Սի. Այ. Էյ.»-ը Վենեզուելայի մէջ ներկայ է: Անոնք կրնան ինծի ծանօթ չեղող թիւով միաւորներ տեղակայել գաղտնի գործողութիւններ կատարելու համար, եւ որեւէ փորձ ձախողութեան պիտի մատնուի», դիտել տուաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անցեալ շաբաթ «Սի. Այ. Էյ.»-ին արտօնեց Վենեզուելայի մէջ գաղտնի գործողութիւններ կատարել, եւ նշեց, թէ թմրեցուցիչներու մաքսանենգման ենթադրեալ աւազակախումբերը ցամաքի վրայ հարուածելու հարցը կը սերտէ:
Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ շարք մը սենտիքաներու հետ իր գումարած ժողովին ընթացքին Միացեալ Նահանգներուն անգլերէնով պատգամ մը յղելով` յայտնեց. «Այո՛ խաղաղութեան: Յաւիտեանս այո՛ խաղաղութեան: Ո՛չ խենթ պատերազմին: Կը խնդրեմ»:


